ՑԻՒՐԻԽՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ
Անգարա-Երեւան կարգաւորման հոլովոյթին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի Մարգարայի անցակէտով Հայաստան հասնիլն ու իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում ունենալը քանի մը ուշագրաւ ուղղութիւն կը փոխանցէ:
Նախ՝ որեւէ բեկումնային պահ չէ ստեղծուած՝ հակառակ այդ ուղղութեամբ առնուած քարոզչաքաղաքական քայլերուն: Հետեւելով այս մասին կատարուած հրապարակումներուն՝ կարելի է ընդգծել քանի մը կէտ: Առաջին՝ նոր ձեւակերպումը օգտագործուած է թրքական կողմէն՝ Թրամփի ուղին (TRIPP): Սիւնիքի հանգուցակէտին կը տրուի «Զանգեզուրի գիծ» անունը: Այստեղ բառախաղի քաղաքական իմաստը այն է, որ «միջանցք» բառը չ՚օգտագործուիր, սակայն, չ՚արտաբերուիր նաեւ համաձայնեցուած եւ ստորագրուած անունը՝ բացուելիք հաղորդուղիին: Գիծը թուաբանագիտութեան մէջ չունի սկիզբ եւ աւարտ. կը բնութագրուի անսահմանութեամբ: Այս պարագային սկիզբը յայտնի է. Թուրքիա-Նախիջեւանն է, սակայն, գնացքի վախճանակէտը պարզ չէ: Որքան ալ այս հաղորդուղին առընչուի «Միջին միջանցք»ին կամ «Մետաքսէ ճանապարհ»ին հետ, ապա, այս պարագային, գոնէ թուրք դիւանագէտին համար, անիկա թուրանական գիծն է: Ծխածածկոյթը այս կէտին Անիի եւ մետաքսէ ճանապարհներու կամուրջներու համատեղման գաղափարն է, որ, ըստ էութեան, կը շղարշէ թուրանական գիծը: Թրամփին անունը դուրս եկած է, վերադարձած է Զանգեզուրի նշումը եւ միջանցքը փոխարինուած է գիծով:
Հիմա տեսնենք, թէ հրապարակուած են այլ ի՛նչ կէտեր, որոնք, ըստ անպաշտօն տեղեկատուութեան՝ քննարկուած են այս հանդիպումին:
Կողմերը վերահաստատած են նախորդ հանդիպումներուն մշակուած եւ համաձայնեցուած հարցերը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հոլովոյթի յառաջմղման նպատակով: Այս ծիրին մէջ անոնք միտքեր փոխանակած են 2022 թուականի յուլիսի 1-ի հանդիպման ընթացքին սահմանահատումներու վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութեան կեանքի կոչման շուրջ: Յատուկ ներկայացուցիչները համաձայնեցան արագացնել այս հոլովոյթը:
Այստեղ կայ վերահաստատում եւ միտքերու փոխանակում: Չկայ որոշում՝ մանաւանդ վերահաստատուած որոշումներու գործադրելիութիւնը սահմանող ժամկէտներ: Տակաւին շատ բան կայ պարզելիք սահմանահատման գործընթացի մասին: Պիտի ուսումնասիրուին Կիւմրի-Կարս երկաթուղիի եւ ելեկտրահաղորդիչ գիծի վերականգնման եւ գործարկման կարելիութիւնները: «Պիտի»ները կը շարունակուին:
Քաղաքականօրէն հասկնալի է այս տրամաբանութիւնը: Հերթական անգամ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շատ յստակ կ՚ըսէր, որ Երեւան-Անգարա հարցերու կարգաւորումի մեկնարկը պայմանաւորուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման հետ: Այսքան յստակ եւ պարզ:
Կան բաժիններ՝ մշակութային եւ կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան քաջալերման եւ թռիչքներու բազմապատկման առաջադրանքին վերաբերեալ:
Էականօրէն մեկնաբանելի բանաձեւ մը կայ այս բոլորին մէջ: Ըստ հրապարակումներուն. «Եզրափակելով՝ յատուկ ներկայացուցիչները վերահաստատեցին յանձնառութիւնը՝ առանց նախապայմաններու շարունակելու այս հոլովոյթը»:
Յիշենք դասական նախապայմանները.
Ա.- Արցախի տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացում,
Բ.- Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջէն հրաժարում,
Գ.- Թուրքիոյ հետ ընդհանուր սահմաններու ճանաչում:
Աւելորդ է մեկնաբանել այսօրուան իրավիճակը: Անհեթեթ է, սակայն, այս երկխօսութիւնը անուանել՝ առանց նախապայմաններու քննարկումներ:
Արձանագրենք միայն այն, որ հակառակ այս բոլորին՝ Անգարա կը շարունակէ փոխկապակցել արդիւնաւորումը Պաքուի հետ հարցերու կարգաւորումով: Փոխկապակցել այս պարագային կը նշանակէ նախապայմանաւորել:
Երեւան-Անգարա Ցիւրիխի արձանագրութիւնները ներառած էին՝ տեղ-տեղ ուղղակի, տեղ-տեղ անուղղակի այս նախապայմանները: Համայն հայութիւնը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, ոտքի կանգնեցաւ եւ մերժեց այդ արձանագրութիւնները:
Հիմա շատ աւելի ծանր կը կշռեն եւ կը ճնշեն նախապայմանները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի