ՔՈՓԵՆՀԱԿԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կ՚այցելէ Քոփենհակ, ուր կը մասնակցի Եւրոպական քաղաքական համայնքի 7-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած է Դանիոյ հիւրընկալմամբ։ Այս առաւօտ Քոփենհակի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ եւս կը մասնակցի գագաթաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ Քոփենհակի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կ՚ունենայ այլ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան եւ Ալիեւ ընդգծեցին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ, Սպիտակ տան գագաթաժողովի պայմանաւորուածութիւններու նշանակութիւնը։ Անոնք վերահաստատեցին աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Փաշինեան եւ Ալիեւ կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութեան ապահովելիք օգուտները, քննարկեցին Ատրպէյճանի տարածքէ ներս ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ Հայաստանի տարածքէ ներս TRIPP նախագծի իրականացման յառաջընթացը։ Զրուցակից ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին անցեալ օգոստոսի 8-ին Ուաշինկթընի մէջ հրապարակուած հռչակագրի իրագործման շուրջ։ Կողմերը այս համատեսքին մէջ ողջունեցին ԵԱՀԿ-ի Միսքի գործընթացն ու առընչակից բոլոր կառոյցները դադրեցնելու վերաբերեալ միաձայն ընդունուած որոշումը։ Փաշինեան եւ Ալիեւ կարեւորեցին վստահութեան ձեւաւորման ուղղեալ ապագայ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ համաձայնեցան իրենց շփումները շարունակել։

Փաշինեան վերջին օրերուն իրերայաջորդ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կ՚ունենայ Եւրոպայի զանազան հարթակներուն վրայ։ Քոփենհակի այսօրուան գագաթաժողովէն առաջ, ան նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցած էր Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) լիագումար նիստին։

Սթրազպուրկի եւ Քոփենհակի ուղեւորութիւններու արանքին, Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանին։ Այս փուլին ան հերթական անգամ յիշեցուց, որ «Զանգեզուրի միջանցք» արտայայտութիւնը որեւէ փաստաթուղթի մէջ գոյութիւն չունի։ Իր խօսքով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը Հորատիզ-Զանկելան ճանապարհն է եւ այդ մէկը Հայաստանի մասին չէ։ «Եթէ Ատրպէյճանի մէջ «Զանգեզուրի միջանցք» կը կոչեն Հորատիզ-Զանկելան ճանապարհը, ապա մենք մեզի պէտք է հարց տանք՝ սա մեզ կը յուզէ՞», ըսաւ ան։ Խորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը ըսաւ. «Ասկէ վերջ ինչքան «Զանգեզուրի միջանցք» ըսեն, հասկցէք, սա Հայաստանի մասին չէ։ Հորատիզ-Զանկելանը երկար է, կ՚ըսեն «Զանգեզուրի միջանցք», թող ըսեն, մենք խնդիր չունինք»։ Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետը բացառեց անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններով ստեղծուած օրակարգին տապալումը։

Խորհրդարանի ամպիոնէն վարչապետը հերթական անգամ քննադատեց նաեւ ընդդիմութիւնը եւ մանաւանդ՝ ասպարէզ կարդաց երկրի նախկին ղեկավարներուն դէմ։ Ան պնդեց, որ նախկին նախագահները թոյլ չեն տուած պետութեան կայացման։ «Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններ ընողները պէտք է դուրս հանենք քաղաքական ու հանրային դաշտէն», յայտնեց վարչապետը։

ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵՆԷՆ ԳԱՆԳԱՏ

Միւս կողմէ, հայկական քաղաքական շրջանակներէն գանգատներ կը բարձրաձայնուին Եւրոպայի կառոյցներուն կողմէ երկրի իշխանութիւններուն նկատմամբ որդեգրուած վերաբերմունքին դէմ։ Այսպէս, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան, որ Փաշինեանի իշխանութիւններու նախկին լծակիցներէն եղած է, իսկ այժմ ընդդիմադիր կը համարուի, «Սփութնիք Արմենիա» ռուսական գործակալութեան տուաւ հարցազրոյց մը։ Իր խօսքով՝ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) կ՚անտեսէ Հայաստանէ ներս ընդդիմութեան դէմ քաղաքական հետապնդումները։ Ան խնդրեց, որ ԵԽԽՎ-է ներս Հայաստանի հարցերով համազեկուցողներն ու մարդու իրաւանց յանձնակատարը ուշադրութիւն ցուցաբերեն՝ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի բանտարկուած ըլլալուն նկատմամբ։

Խորհրդարանական ընդդիմութենէն երեսփոխան Հայկ Մամիճանեանն ալ Փաշինեանի ԵԽԽՎ-ի ելոյթին անդրադարձաւ՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցով։ «Միայն Փաշինեա՞նը հասկցած է, թէ ինչ գրուած է փաստաթուղթին մէջ», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2025