Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ
Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ վերջին օրերուն ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի արձագանգները կը շարունակուին։ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան ստորագրած էին համաձայնագիրը, որու զուգահեռ յայտարարուեցաւ, որ երկու երկիրները պիտի նպաստեն Կասպից ծովու տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ամրապնդման։
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, թէ ստորագրուած համաձայնագրի բնոյթը, հիմնականին մէջ, տնտեսական է։
Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025