ՖԻՏԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ԱՅԺՄՈՒ ՎԻՃԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ եւ բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին վիճակը, ինչպէս նաեւ միջազգային հրատապ օրակարգի այլ հարցեր՝ ներառեալ Սուրիոյ, Կազզէի եւ Ուքրայնայի իրադարձութիւնները։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ արձագանգ գտած են Պաքուէն հասած լուրերը, ըստ որոնց՝ Պայրամով Ֆիտանին տեղեկացուց Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման գործընթացի այժմու կացութիւնը։ Հարկ է նշել, որ երկու երկիրներու սահմանագծման յանձնաժողովները վերջերս որոշած էին, թէ այդ գործընթացը ի՛նչ հունով պիտի ընթանայ։ Յառաջիկային կը նախատեսուի սահմանազատումը շարունակել դէպի հիւսիս՝ Հայաստան-Վրաստան-Ատրպէյճան եռանկիւնի ուղղութեան վրայ։

Հաքան Ֆիտանի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ճէյհուն Պայրամով ըսաւ. «Մենք քննարկած ենք յետհակամարտային շրջանի իրավիճակը։ Թուրք պաշտօնակցիս տեղեկացուցած եմ սահմանազատման գործընթացի ապագայ գործողութիւններուն մասին»։

Հարկ է նշել, որ Պաքու մեկնելէ քանի մը օր առաջ Հաքան Ֆիտան յայտարարած էր, որ Թուրքիա դրական կ՚ընկալէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խաղաղութեան պատգամները։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2025