ՆՐԲԱՆԿԱՏ ՈՒ ՇՐՋԱՀԱՅԵԱՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ կէսօրուան ժամերուն կը հասնի Իսթանպուլ։ Էրտողան այսօր Իսթանպուլի մէջ Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալելու ընդառաջ, երէկ, Քահրամանմարաշի մէջ մէկտեղուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկու ղեկավարները մասնակցեցան՝ նախորդ տարուան աւերիչ երկրաշարժէն վերջ կառուցուած «Ատրպէյճանի թաղամաս»ի բնակարաններու պաշտօնական բացման արարողութեան։ Այս առթիւ հերթական անգամ հնչեցին զօրակցութեան պատգամներ։

Թուրքիա այս շրջանին բաւական նրբանկատ ու շրջահայեաց քաղաքականութիւն մը կը վարէ՝ մասնաւորապէս հաշուի առնելով հարեւան տարածաշրջաններու հրատապ եւ անկիւնադարձային իրադարձութիւնները։ Անգարայի այժմու դիրքորոշումը թէեւ էական փոփոխութեան մը չէ ենթարկած Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ խօսոյթը, սակայն, իր կշիռը հետզհետէ զգալի կը դառնայ՝ մանաւանդ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացէն ներս։ Հաշուի պէտք է առնել, որ 2008 թուականի ֆութպոլային դիւանագիտութեան ժամանակ Հարաւային Կովկասը կը դիմագրաւէր Ռուսաստան-Վրաստան պատերազմի մտահոգութիւնները։ Իսկ այսօր, երբ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ աշխուժութիւնը գետի նման վարարած է, այս անգամ ալ խնդրոյ առարկայ է Իսրայէլ-Իրան պատերազմը։ Եթէ առաջինը Հարաւային Կովկասը հիւսիսային հատուածէն ուղղակի ազդեցութեան տակ կ՚առնէր, այս անգամուանն ալ տարածաշրջանը հարաւային հատուածէն ուղղակի ազդեցութեան տակ առնելու ներուժը ունի։ Յամենայնդպէս, այժմու իրավիճակը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ շատ աւելի նուրբ է, որովհետեւ իրադարձութիւններու ազդեցութիւնները կրնան սահմանափակ չմնալ զուտ տարածաշրջանով եւ կրնան համաշխարհային մակարդակով իրադարձութիւններ պայմանաւորել։ Այս համայնապատկերին վրայ, թրքական դիւանագիտութիւնը դարձեալ աշխուժացած է՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն եւ դերակատարներուն հետ իր շփումներուն զարկ տալու, բոլորի կարծիքները իմանալու եւ ըստ այդմ համադրութիւններու երթալու տեսակէտէ։ 

Քահրամանմարաշի երէկուան բացման արարողութեան ընթացքին նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ Ատրպէյճան ճիշդ երեսուն տարուան բռնագրաւումէ եւ զուլումէ վերջ, Իլհամ Ալիեւի հրամանատարութեան ներքեւ Ղարաբաղը ազատագրած է։ Ան յիշեցուց, որ երեք շաբաթ առաջ Լաչինի մէջ մասնակցած էին այլ արարողութեան մը։ Ֆիզուլիէ եւ Զանկելանէ վերջ, այնտեղ եւս օդակայանի մը բացումը միասնաբար իրականացուցած էին։ «Բռնագրաւումէ ազատուելէ վերջ, Ղարաբաղի ամէն անկիւնին զարգացման եւ բարգաւաճման զօրաշարժ մը սկսած է եւ այդ մէկը ամբողջ թափով կը շարունակուի։ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումով, առաջ Աստուած, այս քայլերը առաւել եւս թափ պիտի ստանան։ Աստուած Ատրպէյճանի եւ մեր միասնականութիւնը թող դարձնէ յարատեւ», ըսաւ Էրտողան։

Ալիեւն ալ արարողութեան ընթացքին նշեց, որ Ատրպէյճան միշտ Թուրքիոյ կողքին է, իսկ Հայաստանի հետ պատերազմի ժամանակ Թուրքիան անոր ուժին ուժ աւելցուցած է։ «Այժմ Ատրպէյճան սեփական տարածքին մէջ կ՚ապրի անդորրութեամբ», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ նախագահ Էրտողանի հետ այսօրուան ժամադրութեան ընդառաջ նշեց. «Մենք ո՛չ թէ կորսնցուցինք Լեռնային Ղարաբաղը, այլ գտանք Հայաստանի Հանրապետութիւնը»։ Վարչապետի խօսքերով՝ Հայաստան երբեք այսքան պատրաստուած չէ եղած միջազգային եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն՝ որքան է այսօր։ Փաշինեան նոյն ամբողջին մէջ Թուրքիա այցելութեան ընդառաջ արժեւորեց նաեւ Իսրայէլ-Իրան պատերազմով պայմանաւորուած եւ Հայաստանին բաժին վիճակած հաւանական վտանգները։

Ուրբաթ, Յունիս 20, 2025