ՄԱՐԹԱ ՔՈՍԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով յանձնակատար Մարթա Քոսը, որ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Յանձնակատարը նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Մարթա Քոս վերահաստատեց Եւրոմիութեան ամուր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրագործման։ Իր խօսքով՝ ԵՄ բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման գործընթացը, որ կը նպաստէ համագործակցութեան ապագայ զարգացման ու խորացման։
Վարչապետն ու յանձնակատարը շօշափեցին Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան առաջնահերթութիւնները, ապագայ ընելիքները եւ համագործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները։
Փաշինեան եւ Քոս անդրադարձան նաեւ ԵՄ-ի աջակցութեամբ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ծրագրերուն, տնտեսական գործընկերութեան խթանման ուղիներուն, ինչպէս նաեւ վիզաներու ազատականացման շուրջ սկսած երկխօսութեան։
Վարչապետը յատկապէս կարեւորեց ԵՄ-ի օժանդակութեան նշանակութիւնը՝ Հայաստանի տնտեսական տեսակաւորման, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու ցանցի զարգացման, փոքր եւ միջին գործարարութեան կարողութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։