ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ 100-ՐԴ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՇՐՋԱՆ

Երէկ երեկոյեան, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառաշուք համերգ մը, որ եկաւ բնորոշել Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի 100-րդ համերգաշրջանի սկիզբը։ Յոբելենական այս փուլին զուգադիպեցաւ նաեւ Երեւանի 17-րդ միջազգային երաժշտական փառատօնի մեկնարկը։ «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահի երդիքին տակ համախմբուած երաժշտասէրները ականատես եղան իսկապէս անմոռանալի երաժշտահանդէսի մը։ Երեկոյթի ընթացքին՝ որպէս մենակատար հանդէս եկաւ համաշխարհային բեմերը նուաճած ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան։ Յոբելենական համերգը ղեկավարեց Ֆինլանտիայէն յայտնի խմբավար Փիեթարի Ինքինենի։ Երեկոյթի ընթացքին հնչեցին հանճարեղ գլուխ գործոցներ՝ Եան Սիպելիուսի ջութակի քոնչերթոն, «Ֆինլանտիա» սեմֆոնիք պոէմը եւ Կիւսթաւ Մալերի թիւ 1 «Թիթան» սեմֆոնին։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յոբելենական համերգաշրջանի սկիզբին առթիւ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան յայտարարեց, որ նուագախումբը արդէն ունի դարաւոր պատմութիւն։ Ան յիշեցուց, որ 1925 թուականին, երբ աշխարհի վրայ աշխարհաքաղաքական խճճուած իրավիճակ կը տիրէր, Երեւանի երաժշտանոցի տնօրէն Արշակ Ադամեանն ու յօրինող Ալեքսանդր Սպենդիարեանը Հայաստանի մէջ հիմնադրած էին այս նուագախումբը։ Իր խօսքով՝ բարդագոյն ժամանակաշրջաններու մէջ նուագախումբը սկսաւ ծաւալել բեղուն գործունէութիւն եւ ցարդ կը շարունակէ Հայաստանի կատարողական արուեստը ներկայացնել աշխարհի մէջ եւ կը հանդիսանայ երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար այցեքարտ մը։ Դանիէլեան յայտնեց, որ սա իսկապէս դպրոց մըն է, կրթական կեդրոն մըն է։ Արդարեւ, ֆիլհարմոնիք նուագախումբը ղեկավարած են ականաւոր խմբավարներ. օրինակ՝ Օհան Տուրեան, Դաւիթ Խանճեան, Լորիս Ճգնաւորեան եւ այլք։ 

Վերջին քսանհինգ տարիներուն ֆիլհարմոնիք նուագախումբը կը ղեկավարէ մաէսթրօ Էտուարտ Թոփչեան։ Այս վերջինը խոստովանեցաւ, որ երբ ստանձնած էր նուագախումբի ղեկը, ապա իր միտքով իսկ չէր անցած, թէ այդքան երկար ճանապարհ կ՚անցնի ֆիլհարմոնիքին հետ։ «Երբ եկայ, շատ երիտասարդ էի, կը մտածէի՝ կը զարգացնեմ նուագացանկը, փորձառութիւն ձեռք կը բերեմ եւ կ՚երթամ։ Չեմ զղջար, որ այսպէս ստացուեցաւ։ Մենք միշտ դժուարութիւններու միջով անցած ենք եւ կ՚անցնինք, բայց, ունին նաեւ ձեռքբերումներ, որոնցմէ ամենակարեւորն է ինձ համար նուագախումբի մակարդակը։ Մենք յաջողած ենք բարձրացնել նուագախումբի երաժշտական մակարդակը», ըսաւ մաէսթրոն։

Երէկուան համերգի ընթացքին երաժշտասէրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, որ 100-րդ համերգաշրջանը կը դիմաւորէ յոբելենական բերկրանքով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20, 2025