ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցին երէկ սրբադասեց հայ կաթողիկէ կղերէն 1915-ի նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանը, որու առընթեր եւս վեց հոգի մաս կազմեց երանելիներու շարքին։ Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ սրբադասումը՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ։ Բացի Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլայէն, արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Լիբանանի նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն եւ աշխարհի այլ երկիրներու ղեկավարներ։ Օրուան պատգամին մէջ Սրբազան Պապը ողջունեց բարձրաստիճան հիւրերը։
Սրբադասման արարողութենէն վերջ, Վատիկանի մէջ սարքուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն եւս ներկայ գտնուեցաւ Փաշինեան։ Սրբադասման արարողութեան բոլոր փուլերուն ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հռոմի մէջ կեցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Ս. Աթոռի եւ Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանատուները։ Բաց աստի, ան հիւրընկալուեցաւ Լեւոնեան հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ՝ գլխաւորութեամբ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկէ հայոց պատրիարքին։
