ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Այսօր, Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան՝ «Միջտարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» նիւթով նախարարական հանդիպումը։ Սա, ըստ էութեան, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքն է՝ ընդլայնուած կազմով։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւս կը մասնակցին հաւաքին։ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի շրջանակներէն ներս կը ծաւալուին քննարկումները։ Մասնակից նախարարները երկկողմանի հանդիպումներ ալ կ՚ունենան։

Լիւքսեմպուրկի հաւաքին ժամանակ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Ուքրայնայի իրադրութիւնն ու Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոսի տարածաշրջանին հետ յարաբերութիւնները։

Նախարարաց այս կարեւոր հաւաքին ներկայ կը գտնուի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, որ նաեւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահն է։

Միջազգային լրահոսին մէջ կը մատնանշուի, որ եւրոպացի նախարարներու օրակարգին վրայ է համաձայնեցնել Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու 19-րդ ծրարը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025