ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՊԱՇՏՕՆԱՄՈՒՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հանդիսաւոր արարողութեամբ մը երդուելով պաշտօնապէս ձեռնարկեց իր առաքելութեան։ Ան թէ՛ վերընտրեալ եւ թէ նորընտիր նախագահի հանգամանքով Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի համալիրէն ներս կատարեց իր երդումը, որմէ վերջ ունեցաւ նաեւ ելոյթ մը։ Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը այս արարողութեան առթիւ կեդրոնացած էր Ուաշինկթընի վրայ։ Նախագահ Թրամփի երդման արարողութեան մասնակցեցան երկրի բոլոր նախկին նախագահները՝ Ճօ Պայտըն, Պիլ Քլինթըն, Ճորճ Պուշ եւ Պարաք Օպամա։

Տանըլտ Թրամփ պաշտօնի ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ կը դադրեցուի ծննդեան իրաւունքով ԱՄՆ-ի քաղաքացիութիւն ապահովելու հնարաւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ներում շնորհեց անոնց, որոնք չորս տարի առաջ իր կորսնցուցած ընտրութիւններէն վերջ ձերբակալուած էին՝ Քոնկրէսի շէնքին վրայ յարձակած ըլլալով։

Տանըլտ Թրամփ պաշտօնի ձեռնարկելէ վերջ փափաք յայտնեց նաեւ հեռախօսազրոյց մը ունենալու համար Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անդրադառնալով Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին՝ ան ըսաւ. «Փութին կը կործանէ Ռուսաստանը՝ հրաժարելով Ուքրայնայի հետ հրադադարէ»։

Կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի յանձնաժողովները արդէն աստիճանաբար հաւանութիւն կու տան նոր ղեկավարութեան մէջ պաշտօն ստանձնելիք դէմքերուն։ Բաց աստի, Թրամփ պաշտօնի ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ ԱՄՆ-ը դարձեալ դուրս բերաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն։ Իր նախորդ պաշտօնավարման շրջանին ան այս ուղղութեամբ որոշում մը ընդունած էր, իսկ նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն իշխանութեան գլուխ գալէ վերջ ԱՄՆ-ը վերադարձուցած էր Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կազմին։ Ներկայիս վերընտրուած ըլլալով՝ Տանըլտ Թրամփ արդէն անմիջապէս վերադարձած է իր նախկին գծին։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025