ՄԱՀ՝ ՀՐԱՆԴ ԿԻՒԼԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ համայնքի համակրելի ու նուիրեալ դէմքերէն Հրանդ Կիւլեան, որ նախկին թրքահայ մըն էր։ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքի մղիչ ուժերէն եղած էր Հրանդ Կիւլեան, որ ծնած էր Տիգրանակերտի մէջ, իսկ աւելի վերջ կեանքի ոդիսականի հոլովոյթը զինքը հասցուցած էր ԱՄՆ։ Ովկիանոսի միւս ափին, արհեստավարժ կեանքէ ներս անանտեսելի յաջողութիւն արձանագրելու զուգահեռ՝ ան հայկական կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւն բերած էր՝ որպէս բարերար, հասարակական գործիչ, որ մասնաւորապէս կը խթանէր հաստատութենական հարթութեան վրայ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Տասնամեակներ շարունակ Հրանդ Կիւլեան եղած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի շուրջ համախմբուած առանցքային անուններու շարքին։ Նախկին պոլսահայերու շրջանակներէն ներս ալ միշտ յարգանք ու համակրանք վայելած անձնաւորութիւն մը եղած էր Հրանդ Կիւլեան, որու կորուստը այսօր խոր ցաւ յառաջացուցած է բոլորին մօտ։ Ի լրումն այս բոլորին, Հրանդ Կիւլեան մաս կազմած էր նաեւ Վարդանանց ասպետներու շարքին։

Նորոգ հանգուցեալ Հրանդ Կիւլեանի յուղարկաւորութիւնը եւ վերջին հրաժեշտը այս օրերուն առիթ կը դառնայ, որ իր բոլոր սիրելիները խոնարհին անոր բարի ու ազնիւ, անթառամ յիշատակին առջեւ, նաեւ բարոյական զօրակցութեան առարկայ դարձնեն իր հարազատները, ամբողջ ընտանիքը։

Երեքշաբթի, Յունուար 21, 2025