ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Երկու երկիրներու միջեւ երկար ժամանակէ ի վեր ստեղծուած է անհաղորդ մթնոլորտ մը։ Ուստի, Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ այսօր նախատեսուած բարձր մակարդակի շփումը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները Արարատ Միրզոյեանի այցելութեան ընդառաջ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ բացատրութիւններ տրուած են երկու նախարարներու բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, Միրզոյեան եւ Լաւրով կարծիքներ կը փոխանակեն Ռուսաստան-Հայաստան յարաբերութիւններու ամբողջ շրջանակին կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ անոնք կանգ կ՚առնեն Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոասիոյ տարածքէն ներս համարկման այլ գործընթացներու պարագային համագործակցութեան եւ համաշխարհային օրակարգի արդի հարցերուն վրայ։
Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը՝ մանաւանդ Հայաստան-Ատրպէյճան հաւասարակշռուած կարգաւորման մը հասնելու նպատակով։ Ռուսական կողմը յոյս յայտնած է, թէ այս հանդիպումը կ՚ըլլայ շինիչ ու կը նպաստէ համագործակցութեան գործնական խնդիրներու յառաջխաղացման, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ Հայաստանի հետ հաշտութեան գործընթացի ներկայ վիճակին։ Իր խօսքով՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի չհամաձայնեցուած երկու յօդուածներու վերաբերեալ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չէ գոյացած եւ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են։ Պայրամով յայտնեց, որ Միրզոյեանի հետ իր յաջորդ հաւանական հանդիպման վայրն ու ժամկէտը տակաւին համաձայնեցուած չեն։
«Յետհակամարտային շրջանին Հայաստանի հետ շփումները կը շարունակուին։ Այստեղ կայ քանի մը ուղղութիւն։ Արտաքին գործոց նախարարները հիմնականին մէջ բանակցութիւններ կը վարեն խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ, պարբերաբար տեղի կ՚ունենան հանդիպումներ։ Անցեալ տարի այդպէս քանի մը հանդիպում եղած է։ Այդ հանդիպումներու առանքին ալ շփումները կը շարունակուին։ Այս պահուն յստակ պայմանաւորուածութիւններ չկան հերթական հանդիպման վայրի ու ժամկէտի մասին։ Մենք կ՚ենթադրենք, որ այս գործընթացը կը շարունակէ 2025 թուականին», ըսաւ Պայրամով։
Բաց աստի, ան հերթական անգամ կրկնեց Ատրպէյճանի մօտեցումները, ըստ որոնց, Հայաստանի Սահմանադրութեամբ եւ իրաւական փաստաթուղթերու մէջ տակաւին կան Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ։