ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկ, Լիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան՝ «Միջտարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ փոխկապակցուածութիւն» նիւթով նախարարական հանդիպումը։ ԵՄ այս շրջանին կը ձգտի Միջին Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ նոր կամուրջներ, անցքեր ապահովել։ Այս որոնումներուն տեսակէտէ Թուրքիա բաւական նուրբ դիրքի մը վրայ կը գտնուի։ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի այս հաւաքին մասնակցութիւնը առաջին հերթին կը բացատրուի սոյն իրողութեան լոյսին տակ։ ԵՄ կը փափաքի, որ Թուրքիա աշխոյժ դերակատարութիւն մը ստանձնէ՝ թէ՛ Սեւ ծովու աւազանի անվտանգութեան ու կայունութեան ուղղութեամբ եւ թէ Կեդրոնական Ասիան ու Եւրոպան կամրջելու առումով։ ԵՄ-ի այս նախընտրութիւնը ցոլացաւ նաեւ երէկուան հաւաքի ժամանակ փոխանցուած պատգամներուն վրայ։ Այսպէս, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման կոմիսար Մարթա Քոս շեշտեց, որ Պրիւքսէլի նախաձեռնութիւններուն մէջ Անգարա կեդրոնական դիրք մը կը զբաղեցնէ։ Արդարեւ, Թուրքիոյ աշխարհագրական դիրքը զայն բնական կեդրոնի մը կը վերածէ՝ Եւրոպան ու Ասիան, նաեւ Միջին Արեւելքը կամրջելու տեսակէտէ։

Մարթա Քոս շեշտեց, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը մօտենան խաղաղութեան, իսկ Եւրոպա աննախընթաց հնարաւորութեան մը տիրացած է՝ կառուցելու համար առեւտուրի անվտանգ ճանապարհներ, որոնք Եւրոպան, Թուրքիան եւ Միջին Ասիան պիտի միացնեն։ «Անգարայի հետ համագործակցութեամբ պիտի աշխատինք տարածաշրջանի անվտանգութեան համար։ Պիտի շարունակենք համակարգուած աշխատանքը խորացնել՝ որպէսզի Սեւ ծովու տարածաշրջանի անվտանգութիւնը ապահովուի եւ Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ կայունութիւնը ամրա-պընդուի», ըսաւ ան։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով՝ Թուրքիա թէեւ այս բոլորին նկատմամբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, սակայն, շատ ալ գոհ չէ Եւրոմիութիւնը իր դուռը միշտ կը զարնէ, երբ սեփական շահերը խնդրոյ առարկայ ըլլան։ Թրքական կողմը յաճախ կը բարձրաձայնէ յարաբերութիւններուն մէջ ԵՄ-ի նոր նախաձեռնութիւններ կատարելու սպասումը։

Հաքան Ֆիտան Լիւքսեմպուրկի մէջ Մարթա Քոսի հետ զրոյցին առըթեր այլ երկկողմանի հանդիպումներ ալ ունեցաւ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ մասնակցեցաւ երէկուան հաւաքին, որու շրջանակներէն ներս ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ «Մեր տարածաշրջանը կրնայ կարեւոր դեր մը խաղալ՝ Եւրոպան ու Կեդրոնական Ասիան կապելու ուղղութեամբ», յայտնեց Միրզոյեան Լիւքսեմպուրկի մէջ։ «Այսօր ես կը միանամ իմ գործընկերներուն՝ Եւրոմիութենէն, Սեւ ծովու լայն տարածաշրջանէն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիայէն քննարկելու միջտարածաշրջանային համագործակցութեան միջոցաւ աւելի ամուր դիմակայութիւն, աւելի բարձր մակարդակի անվտանգութիւն եւ աւելի լաւ փոխկապակցուածութիւն խթանելու ուղիները։ Այն փաստը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը արդէն հաստատուած է եւ երկու երկիրները կը քննարկեն հաղորդակցութիւններու, փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու բացումը, կ՚աւելցնէ յաւելեալ՝ զգալի ներուժ, որովհետեւ Հարաւային Կովկասը կրնայ դեր խաղալ Եւրոպան Կեդրոնական Ասիոյ հետ կապելու ուղղութեամբ», ըսաւ ան։

Բաց աստի, Միրզոյեանի խօսքով՝ Երեւան կ՚առաջարկէ, որ Պրիւքսէլի «Կլոպալ դարպասներ» նախաձեռնութեան ներառուին «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը եւ TRIPP-ը։ Սեւծովեան տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան, կայունութեան եւ դիմակայութեան նիւթին շուրջ կազմակերպուած առանձին քննարկման ժամանակ Միրզոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով։ Այս փուլին ան ըսաւ. «Սեւծովեան տարածաշրջանը մշտապէս եղած է քաղաքակրթութիւններու, առեւտուրի եւ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւններու խաչմերուկ։ Այն կարեւոր կապով օղակ մըն է Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ, ուր ընդլայնուած համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել փոխկապակցուածութեան ու կայուն զարգացման, ինչպէս նաեւ փոխշահաւէտ գործընկերութիւններու ձեւաւորման՝ էապէս փոխակերպելով տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական համայնապատկերը։ Ասոնք ո՛չ թէ պարզապէս խօսքեր են կամ յաւակնոտ տեսլական, այլ այսօրուայ հրամայականը»։

Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Սեւ ծովու տարածաշրջանը լուրջ մարտահրաւէրներու կը բախուի՝ յատկապէս Ուքրայնայի պատերազմի հետեւանքով, իսկ Հարաւային Կովկասը վերջին շրջանին անցում կը կատարէ դէպի տեւական խաղաղութիւն։ Նախարարը այս փուլին պատմական իրադարձութիւն որակեց՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու գագաթաժողովը՝ յիշեցնելով Հայաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու ստորագրած համատեղ հռչակագիրն ու Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը։

«Այսպէսով խաղաղութիւնը հաստատուած է եւ երեք առաջնորդները արտայայտած են զայն ամրապնդելու ամուր յանձնառութիւն։ Սա ամուր հիմք կը ստեղծէ թշնամութեան էջը փակելու եւ փոխադարձ յարգանքի, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վրայ հիմնուած բարիդրացիական յարաբերութիւններու նոր դարաշրջան մը բանալու համար։ Ապագայ ճանապարհը գործընթաց մըն է, որ կը պահանջէ համբերութիւն, հոգատարութիւն, գործնական հարցերու հասցէագրում եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում։ Հայաստան բարեխղճօրէն ներգրաւուած է հակադրութիւնը շինիչ ներգրաւուածութեան եւ համագործակցութեան վերածելու գործին», յայտնեց Միրզոյեան։

Ապա, Միրզոյեան պատմութենէն մէջբերումներ ընելով՝ յիշեցուց, որ Եւրոմիութիւնը ծնած է պատերազմի մոխիրներէն, կառուցուած է ընդհանուր տնտեսական շահերու տեսլականի վրայ՝ ապագայ հակամարտութեան հաւանականութիւնները դարձնելով անտրամաբանական։ «Գտնուելով խաչմերուկի վրայ՝ Հայաստան կրնայ վճռորոշ դեր խաղալ Եւրոպան, Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան կապող շղթային մէջ», ըսաւ նախարարը՝ նշելով, որ բոլորը կրնան յոյս դնել իր երկրին հետ համագործակցութեան վրայ՝ որպէս վստահելի գործընկեր։

Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստան-ԵՄ քաղաքական եւ անվտանգային երկխօսութեան, անվտանգային ու պաշտպանական պարբերական խորհրդակցութիւններուն եւ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին։ «Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան այս նոր շրջանը առաւել կ՚ամրապնդուի Հայաստանի՝ սեփական դիմակայունութիւնը առաւել ամրապնդելու յանձնառութեամբ եւ այս ջանքերուն մէջ կեդրոնական դեր ունի Եւրոմիութեան հետ մեր գործընկերութիւնը», շեշտեց նախարարը։

Լիւքսեմպուրկի ժողովը ըստ էութեան, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքն էր՝ ընդլայնուած կազմով։ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի շրջանակներէն ներս ծաւալուեցան քննարկումները։ Լիւքսեմպուրկի հաւաքին ժամանակ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան Ուքրայնայի իրադրութիւնն ու Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Հնդկա-Խաղաղական ովկիանոսի տարածաշրջանին հետ յարաբերութիւնները։ Նախարարաց այս կարեւոր հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, որ նաեւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահն է։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2025