ՆԵՐԴՐՈՒՄ ԵՒ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒՄ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր գործարքի վերաբերեալ կը հրապարակուին աստղաբաշխական թիւեր: Պաշտօնական լրատուութիւններ կը խօսին եռիլիոնի հասնող ներդրումներու ծրագիրներու մասին: Նոյն գործարքի շրջածիրին մէջ, ԱՄՆ ժամանակակից կործանիչներով կը սպառազինէ Սէուտական Արաբիան:

Ներդրում-սպառազինում յարաբերակցութիւնը առանցքն է այս նոր համաձայնութեան: Եթէ առաջին հայեացքով ընդունինք, որ գերշահոյթներ ապահովելը եւ պետական պիւտճէն յագեցնելը ԱՄՆ-ի գործող նախագահով յատկանշուած արտաքին քաղաքականութեան գերակայ նպատակն է, միւս կողմէ միայն ֆինանսականով պէտք չէ ընկալել տարածաշրջանին մէջ Սէուտական Արաբիոյ դերի վերաիմաստաւորումը ենթադրող այս նկատելի սպառազինումին տարողութիւնը:

Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ ցարդ ընկալուած էր առաւելաբար՝ իբրեւ տնտեսական բեւեռ: Ամերիկեան ռազմակայաններու այնտեղ գոյութիւնը հիմնականին մէջ կը լուծէր ո՛չ միայն Սէուտական Արաբիոյ անվտանգային խնդիրները, այլեւ ընդհանրապէս կը նկատուէր տարածաշրջանէն ներս ամերիկեան կարեւորագոյն յենակէտերէն մէկը:

Սէուտական Արաբիան ո՛չ միայն համաարաբական, այլեւ համաիսլամական՝ յատկապէս սիւննի դաւանանքի կրօնական կեդրոնն է: Տնտեսականին եւ կրօնականին առընթեր, անշուշտ, նաեւ քաղաքականութիւն թելադրող այս հանգամանքներով ամերիկեան կարեւորագոյն արբանեակ:

Հիմա այս բեւեռի նաեւ անվտանգային դերն է, որ կ՚ապահովուի սպառազինումի առաջին խմբաքանակի փոխանցումով: Եւ երբ կը խօսինք տարածաշրջանի անվտանգային խնդիրներուն մասին, Ռիատի յարաբերակցութեամբ նախ եւ առաջ կը մտաբերուի Թեհրանը, որուն հետ Ռիատը քանի մը տարի առաջ կնքեց դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատման համաձայնագիր: Չինաստանի մէջ ստորագրուած այս համաձայնութիւնը կը խօսէր նոր շրջափուլի մը մասին, որու նախադրեալները սկսած էին տեսանելի դառնալ:

Անվտանգային առումով տարածաշրջանին մէջ միշտ ներկայ կը բացագանչէ նաեւ Անգարան, որ յայտնուած է արաբական աշխարհէն ներս ազդեցութեան գօտիներու մրցապայքարին մէջ՝ Ռիատի հետ: Այդ մրցապայքարը ունի կրօնական, բայց շեշտուած ձեւով նաեւ քաղաքական նուրբ բնոյթ՝ գործնապէս տեսանելի Սուրիոյ տարածքներուն: Ինչու չէ, նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ՝ կրթական, մշակութային եւ առեւտրական տեսքերով:

Երրորդը՝ Թել Աւիւի ուղղութիւնն է: Իսրայէլ հանգիստ չընկալեց Իրան-Սէուտական Արաբիա մերձեցման գործընթացները՝ գիտակցելով, որ այդ բոլորը կը կատարուին ԱՄՆ-ի մղումով եւ վերահսկողութեամբ: Այսօր ալ չ՚ընկալեր ամերիկեան զինուժի այս տարողութեամբ տրամադրումը՝ արաբական երկրի մը: Որքան ալ «Աբրահամեան դաշինք»ի հաւանական թեկնածու ներկայացուի Սէուտական Արաբիան, այնուամենայնիւ, Իսրայէլ պիտի չուզէ իր ռազմական գերակայութեան հակակշիռ ուժ մը տեսնել տարածաշրջանին մէջ: Պիտի չուզէ աւելի ճիշդը՝ ԱՄՆ-ի նոյնքան վստահելի դաշնակից մը տեսնել տարածաշրջանին մէջ՝ գիտակից, որ կը կորսնցնէ իր առանձնաշնորհեալ եզակի դիրքերը:

Այս գործընթացները խորագոյն վերլուծումներ կը պահանջեն: Ներկայ միտումները պէտք է փորձել դիտարկել նաեւ հայկական ոսպնեակով: Մօտէն հետեւիլ Անգարա-Ռիատ մրցակցութեան կշռոյթներուն, ազդեցութեան գօտիներու երբեմն լուռ, երբեմն աղաղակող պայքարներուն:

Այլ գիծի վրայ նկատել այլընտրանքային ճանապարհներու եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման մէջ Սէուտական Արաբիոյ ներգրաւումը եւ այդ բոլորին մէջ փորձել տեսնել Ատրպէյճանի ուժանիւթի սէուտական այլընտրանքը՝ այս անգամ աշխարհագրական այլ միջավայրերու մէջ:

Միաժամանակ, պէտք չէ մոռնալ, որ մրցակցող այս պետութիւնները՝ Իսրայէլ, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, երեքն ալ դուրս չեն կրնար գալ ամերիկեան դաշտէն: Եթէ այսօր Ուաշինկթըն կը վերահսկէ անոնց մրցակցութիւնը եւ նոր գործարքներով գերշահոյթներ կ՚ապահովէ, ապա վաղը կրնայ միացնել զանոնք եւ տեղադրել նոյն գնացքին մէջ. թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ, թէ՛ այլուր:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025