ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ 70-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակին առթիւ Քաթարի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ մը։ Տոհայի հանդիսութեան մասնակցեցաւ նաեւ համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան։ Յայտագրի տեւողութեան ներկայացուեցաւ համալսարանի 70-ամեակին առթիւ պատրաստուած տեսանիւթը, որով կ՚արժեւորուի անոր գործունէութեամբ ստեղծուած ժառանգութիւնը եւ կը նախանշուին ապագայ նպատակները։

Բացի Լիբանանէն եւ Հայաստանէն, Հայկազեան համալսարանի յոբելեանին առթիւ ցարդ հանդիսութիւններ տեղի ունեցան նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ։ Քաթարի վերջին ձեռնարկով նոր օղակ մը աւելցաւ այս շղթային վրայ։ Պէյրութէ դուրս կազմակերպուած տարեդարձի ձեռնարկները կը խրախուսուին համալսարանի շրջանաւարտներու խանդավառութեամբ։

Տոհայի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի դեսպանատան համալիրէն ներս, համալսարանի շրջանաւարտից կոմիտէի ջանքերով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025