ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ

Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Թուֆան Էրհիւրման եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Խրիստոտուլիտիս երէկ հանդիպում մը ունեցան կղզիի միջանկեալ գօտիէն ներս, ՄԱԿ-ի վերահսկողութեան ներքեւ։ Սա երկու ղեկավարներու առաջին շփումն էր՝ կղզիի հիւսիսին տեղի ունեցած ընտրութենէն վերջ։ Անոնց ծանօթացման բնոյթով այս տեսակցութիւնը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։

Կիպրական հիմնախնդրին կապակցութեամբ Էրհիւրման նշեց, որ ամբաստանութիւններու խաղերու մէջ պիտի չմտնէ։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկուան հանդիպման ընթացքին Թուֆան Էրհիւրման օրակարգի վրայ բերած է տասն կէտերէ բաղկացեալ առաջարկ մը։ Թուրքերու եւ յոյներու առօրեային կը վերաբերի այս առաջարկը, որով նախատեսուած նիւթերու շարքին են սահմանային անցակէտերու վրայ դիւրացումները։ Առաջարկները կ՚առընչուին նաեւ՝ խառն ամուսնութիւններէ ծնած երեխաներու համար քաղաքացիութիւն տրուելուն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 21, 2025