ՔԱՐԹԱԼՔԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՈՂԲԵՐԳԱԿԱՆ ՀՐԴԵՀ. ԲԱԶՄԱՏԱՍՆԵԱԿ ԶՈՀԵՐ
Երէկ Թուրքիան ցնցուեցաւ Քարթալքայայէն հասած լուրերով։ Պոլուի այս գաւառակը, ինչպէս ծանօթ է, երկրի ձմեռնային զբօսաշրջութեան կեդրոններէն մին է եւ այս շրջանին՝ դպրոցական արձակուրդի բերումով արդէն բաւական այցելուներ կը հիւրընկալէ։ Քարթալքայայի «Կրանտ Քարթալ» պանդոկէն ներս ծագած սարսափելի հրդեհը խլեց 76 հոգիի կեանքը։ Այս ահաւոր ողբերգութիւնը մեծ ցաւ եւ ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրէն ներս՝ մինչ բոլորը զոհերու ընտանիքներուն բարոյական զօրակցութիւն կը յայտնեն եւ կը մաղթեն, որ վիրաւորեալները ապաքինին շուտափոյթ։
Երկրին մէջ արդէն միօրեայ սուգ հռչակուած է։ 238 հոգի կ՚իջեւանէր տուեալ պանդոկին մէջ, ուր հրդեհը առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն ծագեցաւ չորրորդ յարկի ճաշարանին մէջ։ Յաճախորդները քունի մէջ էին, երբ հրդեհը ծագեցաւ, իսկ աւելի վերջ շարք մը թերացումներու պատճառով ողբերգութիւնը բազմապատկուեցաւ։ Ահազանգի համակարգը չաշխատեցաւ եւ ասոր վրայ աւելցան ուրիշ քանի մը հանգամանքներ, որոնց պատճառով յաճախորդները հնարաւորութիւն չունեցան իրենց սենեակներէն դուրս գալու։ Պանդոկի փայտաշէն շէնքը կարճ ժամանակի ընթացքին հրոյ ճարակ դարձաւ եւ շատերու համար այս արձակուրդը վերածուեցաւ ողբերգութեան եւ նոյնիսկ վերջին հրաժեշտի։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտնեց, որ անոնք, որոնք թերացում մը ունեցած են այս հարցին մէջ, անպայման պիտի տան հաշիւը։
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամբողջ երկրին վրայ ազդած այս ցաւալի դէպքի լոյսին տակ Պատրիարքական Աթոռն ալ հրապարակեց վշտակցական պատգամներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցականներ ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին եւ Պոլուի կուսակալ Ապտուլազիզ Այտընին։
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց երէկուան ողբերգական պատահարին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ՝ սարսափելի հրդեհին բերումով։