ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՔՈՏԱՊԱՇԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայութիւնը այսօր կ՚ողջունէ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Նիւ Եորքի Պոլսահայ օժանդակութեան միութեան (C.A.R.S.) նախագահ Էլիզապէթ Քոտապաշ այսօր կը դառնայ 80 տարեկան։ Նկատի ունենալով այս կազմակերպութեան հեղինակութիւնը եւ Էլիզապէթ Քոտապաշի կողմէ ներդրուած եռանդն ու ջանքերը՝ Նիւ Եորքի շրջանի հայերը, անշուշտ, առաջին հերթին նախկին պոլսահայ շրջանակները ջերմօրէն կ՚ողջունեն այս հանգրուանը։ Էլիզապէթ Քոտապաշ, որ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, իր ապրած շրջանին մէջ արդէն բոլորը սիրաշահած է եւ հայկական շրջանակներուն կողմէ բարձր կը գնահատուի՝ իր յանձնառութեամբ եւ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս ծաւալուած գործունէութիւններու ճանապարհին լրջութեամբ ու նուիրումով։

Էլիզապէթ Քոտապաշ (ծնեալ՝ Աթակէօքսեն-Նորշանեան) ծնած է 22 յունուար 1945 թուականին, Պոլսոյ մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ, որմէ վերջ յաճախած է Սաքըզաղաճի Անարատ Յղութիւն վարժարանը։ Էսաեան վարժարանէն վկայուած է 1961-1962 տարեշրջանին։ Լիսէն աւարտելէ վերջ դասաւանդած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարաններուն մէջ։

1967 թուականին հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր 1970-ին կեանքը միացուցած է ամուսնոյն՝ Միշէլ Քոտապաշի հետ, որ պարսկահայ մըն էր։ Այս ամուսնութենէն բախտաւորուած է երկու որդիով։ Էլիզապէթ Քոտապաշ Նիւ Եորքի համալսարանի լեզուի կաճառէն ներս ուսանած է անգլերէն եւ, միեւնոյն ժամանակ, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ յարակից շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ եղած է ուսուցչուհի։ Ապա, Քուինզ քոլէճը յաճախելով մասնագիտացած է հաշուապահութեան վրայ եւ աւելի քան կէս դար արդէն հաշուապահութիւնը եղած է իր ասպարէզը։

Նիւ Եորք հաստատուելէ վերջ Էլիզապէթ Քոտապաշ միշտ մասնակցութիւն բերած է տեղւոյն հայկական կեանքին։ Ան միացած է «Սեւան» թատերախումբին եւ Հայ գրականութեան բարեկամներու միութեան։ Որպէս դերակատար եւ ասմունքող կարեւոր ներդրում ունեցած է մշակութային կեանքին՝ գործակցելով Մկրտիչ Նուռեանի, տքթ. Նշան Փարլաքեանի եւ տքթ. Հրանդ Մարգարեանի նման անուններու հետ։ Վերջերս նաեւ Քարինէ Քոչարեանի խումբերուն հետ ալ համագործակցած է։ Նիւ Եորքի մէջ եղած է նաեւ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիրներէն։ Մինչեւ այսօր մասնակցութիւն կը բերէ զանազան մշակութային միութեան գործունէութիւններու։ Այս վերջիններու շարքին են Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ յարակից շաբաթօրեայ վարժարանը, ուր եղած է տնօրէնուհի, «Նարեկ» ամսաթերթը, Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութիւնը, որու փոխ-ատենապետուհին է, «Դստերք Վարդանանց»ը եւ այլն։ Ի լրումն այս բոլորին, արդէն Պոլսահայ օգնութեան միութեան վարչութիւնը կը գլխաւորէ եւ որպէս ատենապետուհի՝ ձեռնհասօրէն կը վարէ իր պաշտօնը։

Էլիզապէթ Քոտապաշի կողմէ բազմատասնեակ տարիներու ընթացքին Նիւ Եորքի եւ շրջանի հայկական ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս մատուցուած ծառայութիւնը այսօր արդէն իրեն ապահոված է բազմապատիկ համակրանք, յարգանք ու սէր, որոնք գործօն դարձած են, որ իր յոբելեանը համատարած ուրախութեան առիթ դառնայ եւ բոլորը ջերմօրէն շրջապատեն զինքը։

Այս առթիւ մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Էլիզապէթ Քոտապաշը, որուն կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ իր գործունէութեան մէջ յարատեւութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2025