ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան կը փորձէ միջազգային հարթակներու վրայ մշտապէս հաշուի առնել Մոսկուայի շահերը եւ կը փափաքի, որ Մոսկուան ալ միջազգային հարթակներու վրայ որոշ չափով հաշուի առնէ Երեւանի շահերը։ 

Արարատ Միրզոյեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած տարաձայնութիւններու եւ ստեղծուած անհաղորդ մթնոլորտի պայմաններուն ներքեւ շփուեցան երկու նախարարները, որոնք հանդէս եկան նաեւ մամլոյ ասուլիսով։ 

Ըստ Արարատ Միրզոյեանի՝ միջազգային հարթակներու վրայ փոխադարձութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգին վրայ է եւ Երեւան նպատակ ունի այդ աւանդութիւնը շարունակել։ «Միւս կարեւոր ցուցանիշը միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութիւնն է։ Մենք կը փորձենք ըմբռնմամբ վերաբերուիլ Ռուսաստանի շահերուն, ցանկութիւն եւ ընկալում կայ, որ ռուսական կողմը եւս միջազգային հարթակներու վրայ որոշ չափով հաշուի առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը», նշեց Արարատ Միրզոյեան։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մտադիր է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնել՝ հիմնուելով փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի վրայ, ինչ որ կը համապատասխանէ երկու երկիրներու շահերուն։ Ան նկատեց, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու կարեւոր բաղադրիչ կը համարուի նաեւ տնտեսական գործընկերութիւնը, ուր կը նկատուի կայուն դրական արդիւնք, ինչ որ դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ առեւտրային յարաբերութիւններու վրայ։

Մոսկուայի մամլոյ ասուլիսին Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է շարունակել արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը՝ ուղղուած Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանի իրավիճակի վրայ ազդող հարցերու քննարկման։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ռուսական կողմը հաշուի կ՚առնէ այժմու իրադարձութիւններու բոլոր բաղադրիչները՝ խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններէ։ Միրզոյեան Մոսկուա կատարած այցելութիւնը բաւականին տեղին համարեց՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու զարգացման թափին առումով։ Նախարարը յիշեցուց, որ վերջին անգամ նման ձեւաչափով կողմերը հանդիպած էին 2023 թուականի յուլիսին։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա կատարած այցելութիւնը լաւ հնարաւորութիւն մըն է երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերը քննարկելու համար։ «Կը փափաքիմ յայտնել Հայաստանի Հանրապետութեան շահագրգռութիւնը՝ շարունակելու համար արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը, որ ուղղուած է մեր երկու երկիրներու մէջ յարաբերութիւններու եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանային իրավիճակին վրայ ազդող հարցերու քննարկման», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան միշտ հաւատարիմ մնացած է բաց եւ շինիչ երկխօսութեան սկզբունքին։ «Եւ մենք կը յուսանք, թէ ապագային ռուսական կողմը հաշուի կ՚առնէ այժմու բոլոր իրադարձութիւններու բաղադրիչները՝ խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններէ, ինչ որ, դժբախտաբար, տեսանք վերջերս՝ վերջին օրերուն։ Կը յուսամ, թէ մեր այսօրուայ հանդիպումը կը նպաստէ փոխադարձ ըմբռնման», աւելցուց ան։

Նախարար Միրզոյեան վերահաստատեց նաեւ Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման վերաբերեալ։ «Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական գրաւչութեան բարձրացման հարցին մէջ Հայաստանի վճռորոշ մտադրութեան համատեսքին մէջ ուրախ եմ հաստատել մեր տեսլականը՝ ապաշրջափակելու բոլոր տնտեսական եւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւնները, որոնց իրականացումը կ՚ակնկալուի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի շրջանակներէն ներս», ըսաւ Միրզոյեան։ Բաց աստի, ան աւելցուց, որ Երեւան կը շարունակէ անկեղծ ջանքեր գործադրել Հարաւային Կովկասէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով։ «Կ՚ուզեմ ընդգծել, որ հակառակ այս ճանապարհի բոլոր դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն՝ Հայաստան կը շարունակէ անկեղծ ջանքեր գործադրել երկարատեւ եւ ամուր խաղաղութեան հաստատման համար, որ, համոզուած ենք՝ կը համապատասխանէ մեր տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն», ըսաւ Միրզոյեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կը շարունակուին խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ եւ այդ փաստաթուղթի 17 յօդուածներէն 15-ը արդէն համաձայնեցուած են, մնացեալ երկու յօդուածներուն շուրջ ալ քննարկումները կը շարունակուին։ 

«Հայաստան կրնայ նշանակալի ներդրում կատարել միջտարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացման գործին մէջ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ։ Իր խօսքով՝ Հայաստան կը գտնուի իւրայատուկ խաչմերուկի մը վրայ եւ կրնայ նշանակալի ներդրում կատարել միջազգային հաղորդակցութիւններու զարգացման գործին մէջ՝ նպաստելով տարածաշրջանի լոժիսթիք գրաւչութեան մեծացման. բան մը, որուն միտուած է Հայաստանի կառավարութեան մշակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Նախարարը բացատրեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը հիմնուած է բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան նկատմամբ յարգանքի, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքի վրայ։ «Ուրախ եմ ընդգծել, որ այս նախագիծը արժանացած է շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ երկիրներու՝ ներառեալ Ռուսաստանի դրական արձագանգին», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ Արարատ Միրզոյեանի հետ բաց քննարկում մը ծաւալած են եւ շարք մը հարցերու պարագային հասած են փոխադարձ ընդունելի հանգուցալուծման։ Ան վստահեցուց, թէ Մոսկուա կողմնակալ վերաբերմունք մը չունի Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Լաւրով ընդգծեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման։ «Մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բոլոր ուղղութիւններով կարգաւորման», ըսաւ ան եւ հերթական անգամ յիշեցուց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ 2020 եւ 2022 թուականներուն ստորագրուած եռակողմանի բանակցութիւնները։ Ըստ Սերկէյ Լաւրովի՝ ռուսական կողմը համոզուած է, թէ այդ պայմանաւորուածութիւնները կը մնան արդիական՝ յատկապէս տարածաշրջանի առկայ իրավիճակի լոյսին ներքեւ։ Լաւրով երէկուն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Երեւանն ու Մոսկուան կը գիտակցին անկեղծ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Մինչ ան ընդունեց Երեւան այցելելու Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրը՝ նաեւ շեշտեց, որ Ռուսաստան կը գնահատէ ռազմավարական դաշնակից Հայաստանի հետ կապերը։ Հուսկ, Լաւրով արդիւնաւէտ գնահատեց Միրզոյեանի հետ երէկուան հանդիպումը եւ ըսաւ. «Համոզուած եմ, թէ այսօրուան կարծիքներու փոխանակումը կը նպաստէ լուծման այն հարցերուն, որոնք վերջին շրջանին յառաջացած են մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Երբեմն անոնք յառաջացուցած են ոչ-այդքան համապատասխան արձագանգ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ։ Այս բանին վերաբերեալ եւս իմ գործընկերոջ հետ անկեղծ կարծիքներ եւ գնահատանքներ բաժնեցինք։ Երկու ժողովուրդներու հիմնական ու գործնական շահերու հիման վրայ գոյութիւն ունի յարաբերութիւնները զարգացնելու շահագրգռութիւն»։

Սերկէյ Լաւրով Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ ըսաւ հետեւեալը. «Արտատարածաշրջանային ուժերը չեն փափաքիր, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւնները ամրապնդուին։ Մոսկուա հետաքրքրուած կը մնայ, որպէսզի հայ-ռուսական յարաբերութիւնները չենթարկուին արտատարածաշրջանային խաղացողներու ժխտական ազդեցութեան։ Լիայոյս ենք՝ տարիներու ընթացքին մեր կուտակած փոխադարձ շահաւէտ երկկողմանի կապերու ամբողջ ծրարը պահանջարկ կ՚ունենայ ռազմաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային, մարդասիրական ոլորտներէ ներս»։

Չորեքշաբթի, Յունուար 22, 2025