Շաբաթ 19, Ապրիլ 2025
ՑԱՒԱԼԻ ՊԱՏԱՀԱՐ. 43-ԱՄԵԱՅ ՌԱՖՖԻ ՓԵՔՄԷԶ ԶՈՀ ԵՐԹԵՒԵԿԻ ԱՐԿԱԾԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի 43-ամեայ անդամներէն Ռաֆֆի Փեքմէզ երէկ առաւօտ երթեւեկի արկածի մը զոհ գացած է Ենիգիւղի մէջ։ Դէպքը պատահած է ժամը շուրջ 09.30-ին։
Խստաշունչ ձմրան պայմաններով՝ ինքնաշարժ մը երթեւեկելու ընթացքին բախում ունեցած է՝ յարակից կայանած այլ չորս ինքնաշարժի հետ։ Դէպքի շարունակութեան կացութիւնը ա՛լ աւելի ծանրացած է, որովհետեւ այդ պահուն մայթէն քայլող Ռաֆֆի Փեքմէզն ալ տուժած է այդ դէպքին հետեւանքով։ Ան բաւական ծանր վիճակի մէջ անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, սակայն, բոլոր միջամտութիւններով հանդերձ դժբախտաբար հնարաւոր չէ եղած իր կեանքը փրկել։
Կը հաղորդուի, որ արկածի պատճառ դարձած ինքնաշարժին վարորդը՝ Սալիհա Պ. առնուած է հսկողութեան տակ։
Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025