Ո՞Վ Է ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԸ
Երեք տարի տեւած բանակցութիւններէն ետք, երբ խաղաղութեան դաշինքի սեւագիրը տասներկու անգամ Երեւան-Պաքու երթուդարձ կատարեց, Հայաստան համաձայնած է Ատրպէյճանի վերջին տարբերակը ընդունելու։ Թէ ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունած է Ատրպէյճանի վերջին երկու պահանջները, տակաւին համաձայնութեան գրաւոր օրինակը չէ հրապարակուած։ Յստակ չէ՝ ո՞ր գերպետութեան պարտադրանքով կամ թելադրանքով, կամ ռազմավարական ու անվտանգային ի՞նչ հաշուարկներէ մեկնած կառավարութիւնը նման որոշում մը առած է։
Միջազգային քաղաքական զարգացումները կարգ մը ենթադրութիւններու կը մղեն։ Ուքրայնայի հանդէպ Թրամփի վարած քաղաքականութեան բերումով՝ Արեւմտեան ճակատի միասնութիւնն ու հզօրութիւնը կոտրեցաւ։ Բնականաբար, Ռուսաստանի դիրքերը ամրացան, նոյնպէս՝ Թուրքիոյ դիրքերը։ Ուքրայնային նեցուկ կանգնելու համար Եւրոպան պէտք ունի Թուրքիոյ։ Վերջին շրջանին Ռուսաստան եւ Թուրքիա զօրաւոր դաշնակիցներն են Ատրպէյճանի։ Վերջինս կը վայելէ նաեւ նեցուկը Իսրայէլի։ Եւրոպայի տկարացումը եւ Ռուսաստան-Թուրքիա-Ատրպէյճան երրեակին հզօրացումը Հայաստանի համար ապագայ անվտանգային լուրջ մարտահրաւէրներու նախադրեալ է։
Այս իրավիճակէն մեկնած՝ հասկնալի կը դառնայ նաեւ Փաշինեանի՝ մայիսի 9-ին, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտի տօնակատարութեան առթիւ Փութինի ուղղած հրաւէրին ընդառաջումը։
Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը կը մնայ բանաւոր։ Պաքու տակաւին տրամադիր չէ ստորագրութեան պահը եւ վայրը ճշդելու։ Մինչեւ որ ստորագրուի՝ ենթակայ չէ հրապարակումի։ Իսկ ստորագրութեան վայրը էական նշանակութիւն ունի. պիտի յատկանշէ գերտէրութեան մը կնքահայրութիւնը։ Միջազգային անկայուն պայմաններու ներքեւ, մայիսի 9-ի տօնակատարութեան առթիւ Մոսկուայի մէջ անոր ստորագրուիլը հաւանական է։ Եւրոպան Ատրպէյճանի համար անընդունելի է, ինչպէս որ Թուրքիան՝ Հայաստանի համար, իսկ Իրանը խնդրայարոյց է։ Անդին կը մնայ Ռուսաստանը՝ իբր երկու երկիրներու հետ անցեալէն սերտ կապերով գերպետութիւն։ Ուքրայնայի պատերազմի Ռուսաստանի ի նպաստ աւարտելու պարագային, վերջինիս ազդեցութիւնը պիտի հզօրանայ Կովկասի մէջ, ինչ որ Հայաստանի համար տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ լուրջ անվտանգային պայմաններ ստեղծելու սպառնալիքներով լեցուն է։ Վրաստանի նման, Հայաստան եւս Ռուսաստանի միջազգային դաշտ վերադառնալու հետեւանքները լրջօրէն քննարկելու ստիպուած է։
Գլխաւորաբար միայն Արեւմուտքն էր, որ Ալիեւէն եւ Թուրքիայէն կը պահանջէր Հայաստանի հետ դաշինք կնքել։ Եւրոպայի տկարացումով, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ նեցուկն ալ վայելելով՝ յաղթանակած Ատրպէյճան, բնականաբար, աւելի ամբարտաւան կը դառնայ։ Ալիեւ կը շարունակէ պնդել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջին վրայ, կը շարունակէ ռազմագերիները դատել, գրաւեալ տարածքներէ հեռանալու քայլ չառնել, կը զլանայ սահմանազատումը կատարել… Արցախի ցեղային զտումին համար պատասխանատուութեան չենթարկուիլ։
Կարելի է նաեւ հարց տալ, թէ նոյնիսկ եթէ Ալիեւ ստորագրէ համաձայնագիրը, այսօր ի՛նչ արժէք ունին դաշինքներն ու պայմանագրերը, երբ աշխարհ կ՚ապրի ստորագրուած դաշինքներու, միջազգային դատավճիռներու ժխտումի, միջազգային օրէնքներու ոտնակոխման շրջան մը՝ այդ ալ ԱՄՆ-էն սկսեալ։ Այս պայմաններուն մէջ, Հայաստան-Ատրպէյճան դեռ չստորագրուած դաշինքի մը շուրջ համաձայնութիւնը ի՞նչ արժէք ունի։ Արժէք չունի, բայց, առերես քայլ մըն է բանակցութիւններու թելը չկտրելու։ Որովհետեւ բանակցութեան բացակայութիւնը կը բարձրացնէ պատերազմի վտանգը։ Իսկ, Հայաստան պէտք ունի ժամանակի՝ սպառազինուելու, սահմանի դիրքերը զօրացնելու, բանակը վերակազմաւորելու…
Անխտիր բոլոր մեծ պետութիւնները եւ տարածաշրջանի դրացիները եւ Կովկասով շահագրգռուած երկիրները շնորհաւորեցին խաղաղութեան դաշնագրին շուրջ ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը։ Ինչպէս միշտ, միայն Հայաստանի ներքին ընդդիմադիր ճակատը եւ կարգ մը վերլուծաբաններ կը դատափետեն։ Իսկ եթէ իրենք իշխանութեան գլուխ գտնուէին, այլ ելք պիտի ունենայի՞ն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի