ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ, ՃԱԲՈՆԻ, ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՔԱՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ պաշտօնի կոչուելէ անմիջապէս վերջ Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի, Աւստրալիոյ եւ Ճաբոնի իր պաշտօնակիցները։ Այսպէս, Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանիամ Ճայշանքար, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փենի Վոնկ եւ Ճաբոնի արտաքին գործոց նախարար Թաքեսի Իվանիա Ուաշինկթընի մէջ անվտանգութեան նուիրուած քառակողմանի հանդիպում մը իրականացուցին՝ QUAD ձեւաչափով։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք հաստատեցին իրենց ընդհանուր յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու ազատ ու բաց հնդկախաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանը, ուր կը պահպանուին եւ կը պաշտպանուին օրէնքի գերակայութիւնը, ժողովրդավարական արժէքները, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Այս չորս երկիրները կը նախատեսեն նման հանդիպումներ իրականացնել կանոնաւոր պարբերականութեամբ՝ նախապատրաստելու համար այս քառեակի ղեկավարներու յաջորդ գագաթաժողովը, որ նախատեսուած է Հնդկաստանի մէջ։
Ուաշինկթընի նոր վարչակազմի պաշտօնի ձեռնարկելէ անմիջապէս վերջ տեղի ունեցաւ այս քառակողմանի հանդիպումը։ Մարքօ Ռուպիօ առանձին հանդիպումներ ալ ունեցաւ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Ամերիկեան կողմը շեշտեց վերոյիշեալ երկիրներու հետ զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը։