«ԱՊԱԳԱՅ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
Հրապարակուած է 17 կէտերէ բաղկացած Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան նախաստորագրուած պայմանագիրին բնագիրը: Նախաստորագրումը տակաւին իրաւականօրէն ուժի մէջ չի դներ փաստաթուղթը: Բայց, երբ կը նախաստորագրուի որեւէ իրաւապայմանագրային փաստաթուղթ, ապա սա կը նշանակէ, որ ապագային ստորագրուելիքին մէջ բովանդակային որեւէ փոփոխութիւն կարելի չէ ընել:
Անդրադառնանք 17 կէտերէն ամենէն հակասական եւ ամենէն հանգուցային յօդուածներուն:
Ըստ 2-րդ յօդուածին՝ «Ամբողջութեամբ համապատասխանելով յօդուած 1-ին՝ կողմերը կը հաստատեն, որ միմեանց նկատմամբ չունին տարածքային պահանջներ եւ ապագային նման պահանջներ չեն առաջադրեր: Կողմերը չեն ձեռնարկեր որեւէ գործողութիւն՝ ներառեալ այդպիսի գործողութիւններու ծրագրումը, նախապատրաստումը, խրախուսումը եւ աջակցումը, որոնք նպատակ ունին ամբողջութեամբ կամ մասամբ տրոհել կամ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը»:
Այստեղ որեւէ ակնարկութիւն չկայ Հայաստանի տարածքներէն շուրջ 200 քառակուսի քիլօմեթրին Ատրպէյճանի բանակի ներխուժած ըլլալուն մասին: Անորոշ կը մնայ, որ գրաւուած Հայաստանի տարածքը ո՛ր երկրի տարածքային ամբողջականութեան մաս կը կազմէ:
Կրնայ առարկուիլ, որ 6-րդ յօդուածին մէջ բաժինը (կողմերը բարեխղճօրէն բանակցութիւններ կը վարեն համապատասխան սահմանային հարցերով յանձնաժողովներու միջեւ՝ ըստ յանձնաժողովներու համաձայնեցուցած կանոնակարգերու՝ կողմերու միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման մասին համաձայնագիրը կնքելու նպատակով) կրնայ արծարծել այդ տարածքը: Այդուհանդերձ, այս պայմաններուն մէջ վտանգուած կը մնայ Հայաստանի ներխուժուած տարածքներու ճակատագիրը:
Անհրաժեշտ է կեդրոնանալ 12-րդ յօդուածի հետեւեալ բաժնին վրայ. «Կողմերը իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կ՚առաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն համաձայնագրով: Կողմերէն ո՛չ մէկը կրնայ վկայակոչել իր պետական ներքին օրէնսդրութեան դրոյթները՝ իբրեւ սոյն համաձայնագրի չկատարման հիմնաւորում»:
Պարզ է ակնարկը: Հիմնականին մէջ իբրեւ թէ կ՚արգելակէ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջի գործադրումը՝ զայն համարելով ներքին խնդիր: Տարբեր հարց, անշուշտ, որ իշխանութիւնները իրենք իսկ ձեռնարկած են՝ նոր սահմանադրութեան մը մշակման եւ որդեգրման գործընթաց:
Բայց պահ մը կանգ առնենք կարեւոր այս կէտին վրայ: Ուաշինկթընի հռչակագիրին առաջին կէտը կ՚ըսէ.
«Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ականատես եղանք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի համաձայնեցուած բնագրի նախաստորագրութեան՝ կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք համաձայնագրի ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ ապագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման եւ ամրապնդման կարեւորութիւնը»։
Ուրեմն, վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ տակաւին կան ապագայ գործողութիւններ: Շատ պարզօրէն կը հասկցուի, որ պայմանագիրը ստորագրելէ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ նոր սահմանադրութիւն մը, որ յղում չի կատարեր Անկախութեան հռչակագրին:
Այս եզրակացութեան յանգելու համար Պաքու չուշացաւ ճշգրտումներ ընել: Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էլչին Էմիրպէյով յստակօրէն յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրման մասին կէտը կը հաստատէ, որ փաստաթուղթի ստորագրման եւ վաւերացման համար յաւելեալ քայլեր անհրաժեշտ են: Ատրպէյճան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուին՝ իր դէմ տակաւին գոյութիւն ունեցող տարածքային պահանջները վերացնելու նպատակով:
Ուրեմն, նախաստորագրութենէն ստորագրութիւն անցնելու նախապայմանը նոր սահմանադրութիւն մը ընդունիլն է: Կը պահանջուի իրաւազուրկ դարձնել Անկախութեան հռչակագիրը: Իսկ այս պայմանը յստակօրէն ընդգծուած է Ուաշինկթընի հռչակագրով:
Խաբուսիկ է, ուրեմն, խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին մէջ յիշուած այն կէտը, թէ կողմերը չեն կրնար վկայակոչել իրենց ներքին օրէնսդրութիւնը՝ խաղաղութեան պայմանագիրը չկատարելու համար: Այդ նախապայմանը կա՛յ Ուաշինկթընի հռչակագրին մէջ՝ «ապագայ գործողութիւններ» ձեւակերպումով:
Այդ ապագայ գործողութիւնը ճակատագրորոշ է եւ կրնայ ամբողջ իրադարձութիւններու ընթացքի հունը փոխել: Ապագայ այդ գործողութիւնները կրնան տապալիլ հանրաքուէով: Իսկ այդ մէկը արդէն կախեալ է ժողովուրդի կամքէն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի