«ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԱՏԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Պաղեստինի դատը այլեւս դարձած է աշխարհի սեփականութիւնը։

Երէկ, Նիւ Եորքի մէջ, նախագահ Էրտողան մասնակցեցաւ Պաղեստինի խնդրին վերաբերեալ բարձր մակարդակի միջազգային խորհրդաժողովի մը։ Պաղեստինի հիմնախնդրի լուծման ու մանաւանդ՝ երկու պետութեան հիմունքով լուծում մը կեանքի կոչելու ուղղեալ հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Էրտողան ըսաւ. «Սա ալ իրականութիւն մըն է, որ այսօր Պաղեստինի դատը այլեւս աշխարհի սեփականութիւնը դարձած է։ Այս սրահի մասնակցութիւնը վառ ապացոյցն է սոյն հանգամանքին։ Եւրոպայի, Ասիոյ, Ամերիկայի եւ Ափրիկէի մէջ աւելի քան երբեք ականատես կը դառնանք՝ անկախ Պաղեստինի վերաբերեալ կոչերու թէ՛ փողոցը, թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ եւ թէ մամուլի մէջ»։

Նախագահ Էրտողան Նիւ Եորքի երկկողմանի բոլոր շփումներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն արծարծեց Պաղեստինի խնդիրը։ Ան այսօր ժամադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Մինչ այդ, Նիւ Եորքի մէջ կը նախատեսուի գագաթաժողով մը՝ Թրամփի եւ արաբական կամ իսլամական զանազան երկիրներու ղեկավարներու միջեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025