ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու շրջանակներէն ներս նախարարները կը գտնուէին Նիւ Եորքի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ իրենց հերթական հանդիպումը։ Անոնք անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքներու հիման վրայ կարծիքներ փոխանակեցին խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման հաւանական քայլերուն շուրջ։

Միրզոյեան եւ Պայրամով համաձայնեցան շարունակել երկխօսութիւնը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2025