ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Հայաշխարհէ ներս երէկ մեծ ցաւ ստեղծեց Այտա Ազնաւուր-Կառվարենցի մահուան լուրը։ Ան 102 տարեկան էր։ Իր ետին թողուց գեղեցիկ ապրուած կեանք մը՝ լի սիրով, ուժով եւ ընտանիքի նկատմամբ նուիրուածութեամբ

Այտա Ազնաւուր-Կառվարենց քոյրն էր ֆրանսահայ անմոռանալի մեներգիչ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի։

Այտա Ազնաւուր-Կառվարենց պիտի թաղուի՝ Մոնֆոր-լ՚Ամորիի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա, իր ընտանիքի անդամներու եւ ամուսինի կողքին։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025