ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի իր պաշտօնակցին՝ Ժան-Նոէլ Պարրոյի հրաւէրին ընդառաջ։ Ան կը մասնակցի Իգապաշտ դիւանագիտութիւններու խորհրդաժողովին, որ չորրորդն է իր նմաններու շարքին։ Խորհրդաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած նախարարական համաժողովին ելոյթ մը ունեցաւ Արարատ Միրզոյեան, որ ըսաւ. «Ես կու գամ տարածաշրջանէ մը, ուր մայրեր, կանայք, քոյրեր եւ դուստրեր տառապած են, զգացած են հակամարտութեան ծանր հետեւանքները, իրենց սիրելիներու կորուստի ցաւը։ Եւ այսօր շատ պարտաւորեցնող ու զգացական է խօսիլ մեր հասարակութենէն ներս տարածաշրջանային հաշտեցման գաղափարի խթանման գործին մէջ անոնց նշանակալի դերին մասին»։ Ան աւելցուց, որ ներկայ խաղաղութեան օրակարգը կը ձգտի հասցէագրել եւ ապագային կանխել նման դժուարութիւնները, նման կորուստները։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025