ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ. ԴՐԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութենէն ներկայացուցիչներ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչները վերջին երկու օրերուն Երեւանի մէջ կլոր սեղանի ձեւաչափով քննարկումներ ծաւալեցին։ Այս ամբողջին մէջ Արմէն Գրիգորեան հիւրընկալեց այդ քննարկումներու մասնակիցները։ Ան զրոյցի ընթացքին բարձր գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէ ներս այսպիսի ձեւաչափի մը ընդգրկուած ըլլալը։ Արդարեւ, նման հանդիպումները միտուած են դրական ազդեցութիւն գործելու՝ մարդոց միջեւ շփումներու հաստատման վրայ։ Գրիգորեանի խօսքով՝ հանրութեան զանազան շերտերու ներգրաւումը կ՚ապահովէ խաղաղութեան ամրապնդումը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իրենց հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական կողմին այս ձեռնարկը կազմակերպած ըլլալու եւ դրական մթնոլորտ ապահոված ըլլալու համար։ Մասնակիցները ընդգծեhցին նման նախաձեռնութիւններու շարունակականութեան կարեւորութիւնը՝ ուղղուած փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման։

Արմէն Գրիգորեան պատասխանեց նաեւ ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Ըստ երեւոյթին, Երեւանի այս հանդիպումէն վերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու երկխօսութեան յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, ինչ որ կը բխի նախաձեռնութեան տրամաբանութենէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2025