ՌՈՒՊԻՕ ԵՒ ՖԻՏԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԵՑԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՅՈՒՆ ՈՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կարեւորեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատումը։

Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան պաշտօնի ձեռնարկելէն վերջ Անգարայի հետ շփումները արդէն չեն յապաղիր։ Թուրքիա-ԱՄՆ առանցքին վրայ միշտ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Հարաւային Կովկասը՝ մանաւանդ Երեւան-Պաքու հաշտութեան հեռանկարը։ Ֆիտան եւ Ռուպիօ վերահաստատեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու կայունութիւնը, Թուրքիոյ դերը՝ որպէս ՆԱԹՕ-ի առանցքային դաշնակից եւ տարածաշրջանէն ներս ընդհանուր շահերը։ Ռուպիօ ընդգծած է Սուրիոյ մէջ ներառական անցումի մը անհրաժեշտութիւնը եւ երաշխաւորումը, թէ նոր կառավարութիւնը թոյլ պիտի չտայ երկրի միջազգային ահաբեկչութեան աղբիւր մը դառնալը։

Բացի Ռուպիոյէն, Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ՝ միշտ խոշորացոյցի տակ պահելով Սուրիոյ իրադրութիւնը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ մտահոգիչ են Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւնները։ «Բաց աստի, մենք կը տեսնենք խտացեալ թռիչքներ այլ երկիրներէ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ զէնք ու զինամթերք կը տեղափոխեն Պաքու։ Բայց, կ՚ուզեմ նաեւ նշել, որ մենք վերջին տարիներուն զանազան ուղղութիւններով աշխատած ենք, որպէսզի հնարաւորինս կայունութիւն ստեղծենք տարածաշրջանէն ներս», ըսաւ ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Արմէն Գրիգորեան այս ամբողջին մէջ մատնանշեց Հայաստանէ ներս Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայութիւնը՝ յոյս յայտնելով, թէ այդ մէկը շուտով երկարաձգուի։ Բաց աստի, ան ընդգծեց Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած ռազմական բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ Երեւանի միանալը Հռոմի սթաթիւին, ինչ որ կարեւոր գործօն մըն է կայունութեան տեսակէտէ։

«Մենք խաղաղութիւն չենք խնդրեր, այլ խաղաղ լուծումներ կ՚առաջարկենք Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգային բոլոր հարցերուն», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան։ Ան այդ առաջարկներու շարքին յիշեցուց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նիւթը եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որ տարածաշրջանէն ներս ապաշրջափակման հայկական տեսլականը կը ցոլացնէ։ «Խաղաղութեան օրակարգը կը շարունակէ մնալ մեր առաջնահերթութիւնը», ըսաւ Արմէն Գրիգորեան:

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2025