Կիրակի 25, Յունուար 2026
ԶԱՌԻՎԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ
Ապագայի վերաբերեալ սպասումները, սովորաբար, կ՚ըլլային դրական ու լաւատեսութիւն կը բուրէին։ Յոյսը գերակշիռ էր՝ մինչեւ բնութեան անխնայ կործանումն ու կլիմայի տագնապը, որոնց մտահոգիչ հեռանկարներուն հետ համընթաց՝ մարդոց ապագայի պատկերացումներուն մէջ հետզհետէ աւելի ծանրակշիռ կը դառնայ արհեստական բանականութիւնը։ Լա՞ւ, վա՞տ, ինչպէ՞ս… հարցումներու շարանը անվերջ։ Երեւակայութիւն, վերացականութիւն, յարաբերակցութիւն եւ մասամբ նորին։
«Իսկական աղէտ մը կ՚ըլլայ, եթէ նուազի թիւը անոնց, որոնք չեն փափաքիր ընթերցել՝ արհեստական բանականութեան կողմէ հեղինակուած վէպ մը», կ՚ըսէ Ճեմ Աքաշ։
Ահա՛, բարդ զառիվեր մը…
Շաբաթ, Յունուար 24, 2026