ՅՈԲԵԼԵԱՆ ԵՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի ծննդեան 350-ամեակը բնորոշուեցաւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկով մը։ Թէ՛ յոբելենական եւ թէ ոգեկոչման բնոյթով հանդիսաւոր համերգ մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ։ Փառաշուք համերգը պատուեց նաեւ Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ալֆրետօ Ֆերրանթի, որ հանդէս եկաւ ելոյթով մը հաւաքոյթի մասնակիցներուն առջեւ։ Ողջոյնի խօսք մըն ալ արտասանեց Մխիթարեան միաբանութենէն Հայր Սերոբ Չամուրլեան։
Ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Յարութիւն Արզումանեանի մականին ներքեւ։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը եւ Երեւանի Պետական սենեկային երգչախումբը միասնական կազմով հանդէս եկան՝ գերազանցօրէն մեկնաբանելով երգացանկի կտորները։ Ունկնդիրները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին նուագախումբի եւ երգչախումբի կողմէ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւնը։