ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՔՈՊԱԽԻԾԷ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԱՅՍ ԱՆԳԱՄ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Թիֆլիզի մէջ։ Երկու վարչապետները շաբաթավերջին իրերայաջորդ ձեւով տեսակցեցան։ Արդարեւ, Հայաստանի եւ Վրաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականները ուրբաթ եւ կիրակի իրերայաջորդ երկու հանդիպում ունեցան՝ մին Երեւանի, իսկ միւսը Թիֆլիզի մէջ։ Երեւանի հանդիպման ժամանակ Փաշինեան հիւրընկալեց Քոպախիծէն, իսկ երէկ՝ Թիֆլիզի հանդիպման առթիւ հիւրընկալը Քոպախիծէն էր, իսկ հիւրը՝ Փաշինեանը։ 

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան զրոյցի ընթացքին երկու վարչապետները քննարկեցին Հայաստան-Վրաստան ռազմավարական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ ալ փոխանակեցին տարածաշրջանային նշանակութեամբ այլ խնդիրներու շուրջ։

Երկուշաբթի, Մարտ 24, 2025