ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու երէկ կալանաւորուեցաւ՝ մինչ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ալեկոծեալ օրեր կ՚ընթանան։
Քաղաքապետարանէ ներս վերջին օրերուն ալեկոծեալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան՝ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուած՝ ծանրակշիռ մեղադրանքներով հարցաքննութեան հետեւանքով։ Արդարեւ, շուրջ 90 հոգի վերջին օրերուն հսկողութեան տակ առնուած էր՝ քաղաքապետարանէ ներս մեծ գայթակղութեան համազօր պնդումներու բերումով։ Այդ ձերբակալեալներու 40-ը հարցաքննութենէ վերջ ազատ արձակուեցաւ, իսկ 51-ը արդէն բանտարկուեցաւ։ Բացի Էքրէմ Իմամօղլուէն, կալանաւորներու շարքին կը գտնուին Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան, Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետ Մուրատ Չալըք, Իմամօղլուի խորհրդականներէն մին, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետարանի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը եւ այլն։
Էքրէմ Իմամօղլուի դէմ մեղադրանք առաջադրուած էր երկու տարբեր թղթածրարով։ Անոնցմէ մին կը վերաբերի ահաբեկչութեան, իսկ միւսը կազմակերպուած յանցագործութեան՝ ներառեալ գումարներու իւրացումներ, կաշառակերութիւն եւ այլն։ Դատախազութեան կողմէ պատրաստուած թղթածրարներու հիման վրայ, շաբաթավերջին դատական իշխանութիւնները տուին իրենց առաջին որոշումը։ Ահաբեկչութեան թղթածրարի պարագային Իմամօղլուի ձերբակալման տեսակէտէ անհրաժեշտութիւն մը չգտնուեցաւ։ Յամենայնդէպս, միւս թղթածրարի տուեալներու լոյսին տակ դատական մարմինները վճռեցին, որ Իմամօղլու կալանաւորուի։ Յառաջիկայ շուրջ 15 օրուան ընթացքին դատական մարմինները աւելի ծաւալուն ձեւով պիտի ուսումնասիրեն թղթածրարները։ Դատախազութիւնն ալ պիտի վճռէ, թէ պնդումներու լոյսին տակ ձեռնարկուած գործը պէտք է կարճե՞լ, թէ նոր մեղադրական մը պատրաստելով դատական գործընթացի մը սկիզբը պէտք է դնել։ Մինչ այդ, մեղադրանքներու թղթածրարը պատրաստած դատախազները կը պատրաստուին պահանջել, որ Իմամօղլու ահաբեկչութեան վերաբերեալ թղթածրարով ալ կալանաւորուի։
Այս աղմկայարոյց իրադարձութիւնները կ՚ուղղորդուին հասարակութեան շրջանակներէ ներս պոռթկումի դրսեւորումներով։ Օրերէ ի վեր բազմաթիւ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան Իսթանպուլի, մայրաքաղաք Անգարայի եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն կամ համալսարաններուն մէջ։ Հարիւրաւոր ցուցարարներ հսկողութեան տակ կ՚առնուին՝ մինչ ոստիկանութիւնն ալ ամէնուրեք նախազգուշական միջոցներ ձեռք առած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ արդարադատութեան նախարար Եըլմազ Թունչ հանդէս եկաւ պաղարիւնութեան կոչով։ Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Ալի Եէրլիքայան ալ յայտնեց, որ բացարձակապէս թոյլ պիտի չտրուին վանտալիզմի եւ այնպիսի արարքներու, որոնք հասարակական կարգը կը խախտեն։