ԴԱՐԵՐ ԱՆՑ ՔԱՅԼ ՄԸ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը երէկ Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ Զարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին։ Անգլիոյ թագաւորը, որ միեւնոյն ժամանակ Անկլիքան եկեղեցւոյ գլուխն է, պետական այցելութիւն մը տուաւ Վատիկան։ Սիքսթինեան մատրան մէջ Սրբազան Պապն ու Զարլզ Գ. թագաւորը արարողութեան մասնակցեցան միասնաբար։ Միջազգային հրապարակումներոն մէջ կը շեշտուի, որ հինգ հարիւր տարի վերջ առաջին անգամ Անգլիոյ արգունիքն ու Հռոմի Պապը աղօթած են՝ կողք կողքի կանգնած։

Պաքինկհըմի պալատի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ տուեալներով՝ 16-րդ դարէն ի վեր նման պատկեր մը չէր պարզուած։ Այդ ժամանակ Անգլիոյ Հենրի Ը. թագաւորը Հռոմի Պապին հետ եկեղեցական արարողութեան ժամանակ աղօթած էր, երբ տակաւին Անկլիքան եկեղեցին չէր անջատուած Հռովէն։

Սիքսթինեան մատրան երէկուան արարողութեան Սրբազան Պապին հետ միասին նախագահեց Սթեֆըն Քոթրըլ անկլիքան արքեպիսկոպոսը։ Թէ՛ Հռոմէական Կաթոլիկ եւ թէ Անկլիքան եկեղեցիները այս առթիւ փոխադարձաբար նոր կարգավիճակներ սահմանեցին իրարու կեդրոններուն մէջ։ Անկլիքան եկեղեցին 1534 թուականին անջատուած էր Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիէն։

Շուրջ հինգ դար անց տեղի ունեցած երէկուան համատեղ աղօթքը կը զուգադիպի Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակի յոբելենական տարուան։ Այս նոյն ժամանակաշրջանին Անկլիքան եկեղեցին պատմական այլ քայլ մը առած էր, երբ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս դարձաւ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը։ 

Սիքսթինեան մատրան երէկուան արարողութեան ընթացքին հանդէս եկան հոգեւորականներ եւ երգչախումբեր թէ՛ Հռոմէական Կաթոլիկ եւ թէ Անկլիքան եկեղեցիներէն։ Թագաւորն ու Սրբազան Պապը փոխանակեցին նաեւ յուշանուէրներ՝ ի նշանաւորումն այս պատմական իրադարձութեան։ Չարլզ Գ. Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց իր նախորդներէն թագաւոր Էտուըրտ Խոստովանողի արծաթէ մեծադիր սրբանկարը։ Իսկ Հռոմի Պապը թագաւորին նուիրեց Սիկիլիոյ տաճարի խճանկարի մէկ տարբերակը, որ պատրաստուած էր Վատիկանի մէջ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 24, 2025