Երեքշաբթի 25, Նոյեմբեր 2025
ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ԼԱՒԱՏԵՍ
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին քսան տարիներուն կարեւոր քայլեր առնուած են՝ փոքրամասնութեան հարցերու լուծման համար։ «Հակառակ կարգ մը դժուարութիւններուն՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ մթնոլորտը բարելաւուած է։ Անտարակոյս, տակաւին ընելու շատ բան կայ», ըսաւ ան հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Յունաստանի «Քաթիմերինի» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Պատրիարքը նշեց, որ կ՚ակնկալեն՝ Հէյպէլի կղզիի վանքի գործունէութեան մօտաւոր ապագային վերսկսիլը։ Ան ընդգծեց նաեւ պահանջը, որպէսզի Պատրիարքարանը որպէս իրաւաբանական անձ ճանաչում գտնէ։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025