ՄԱՀ՝ ՆԻՔԻԹԱ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ

Հայ մարմնամարզական աշխարհը կը սգայ ֆութպոլի անմոռանալի առասպելներէն Նիքիթա Սիմոնեանի կորուստը։ Ան 100 տարեկան հասակին հեռացաւ կեանքէն։ Երբ 1973 թուականին Երեւանի «Արարատ»ը դարձած էր Խորհրդային Միութեան ախոյեանն ու բաժակակիրը, այդ խումբի աւագ մարզիչն էր Նիքիթա Սիմոնեան, որու հսկողութեան ներքեւ յաջողութիւններ արձանագրուած էին նաեւ Եւրոպայի խաղարկութիւններուն մէջ։

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը ցաւակցական մը հրապարակեց Նիքիթա Սիմոնեանի մահուան առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ֆութպոլի լիկի հերթական խաղերէն առաջ վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պիտի պահուի՝ ի յիշատակ Նիքիթա Սիմոնեանի։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2025