ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ ՈՒ ԿԱՐԻՔՆԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի չորրորդ տարելիցին առթիւ երէկ տեղի ունեցաւ Կամաւորներու համախոհութեան առցանց գագաթաժողով մը։ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի եւ Եւրոմիութեան ղեկավարութեան ներկայացուցիչները այս առթիւ համախմբուեցան Քիեւի մէջ։ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն՝ Փարիզէն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր՝ Լոնտոնէն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց՝ Պերլինէն հեռավար դրութեամբ փոխանցեցին իրենց պատգամները։ Առցանց այս գագաթաժողովը կազմակերպուած էր արտայայտելու համար Եւրոպայի զօրակցութիւնը եւ աջակցութիւնը ի նպաստ Ուքրայնային։
Էմմանիւէլ Մաքրոն այս առթիւ շեշտեց, որ կը կասկածի, թէ կարճաժամկէտ ապագայով խաղաղութիւն մը կրնայ հաստատուիլ։ Իր խօսքով՝ Ռուսաստան կամք չունի հաստատելու համար ո՛չ խաղաղութիւն եւ թէ ամուր ու մշտական խաղաղութիւն մը։
Ֆրիտրիխ Մերցն ալ յայտնեց, որ Գերմանիոյ հաւատարմութիւնը անխախտ է ի նպաստ Ուքրայնայի։
Իր կարգին, Վոլոտիմիր Զելենսքի շեշտեց, որ Ռուսաստան կը թիրախաւորէ քաղաքային ժողովուրդը եւ իր երկրի ենթակառուցուածքները։ Զելենսքիի խօսքով՝ Ուքրայնա կը կարօտի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն եւ կը վստահի Եւրոմիութեան կողմէ Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն։
Միւս կողմէ, միջազգային լրահոսին մէջ ուշադրութիւն գրաւեցին կարգ մը լուրեր, ըստ որոնց՝ Եւրոպա կը պատրաստուի հիւլէական զէնք մատակարարել Ուքրայնային։