ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԵՒ ՏՈՎԱԼԻ ԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգը եւ անդրադարձան բազմաոլորտ համագործակցութեան միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս։

Արմէն Գրիգորեան եւ Աճիտ Տովալ կարեւորեցին վերջին շրջանին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ մանաւանդ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրին նախաստորագրումը։ Անոնք այս բոլորին նշանակութիւնը արժեւորեցին՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ապահովման տեսանկիւնէն։ Աճիտ Տովալ Արմէն Գրիգորեանը հրաւիրեց Հնդկաստան։

Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն Երեւանի մէջ կազմակերպուած համաժողովի մը ընթացքին ըսած էր հետեւեալը. «Ստեղծուած պայմաններուն ներքեւ Հայաստան ո՛չ միայն պիտի ամրապնդէ իր պետականութեան յատկանիշները, այլեւ պիտի ընդլայնէ գործընկերներուն հետ համագործակցութիւնը»։ Ան խաղաղութեան հաստատութենականացման տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն վերագրած էր տարածաշրջանի տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ ալ այս շրջանին քննարումներ կը ծաւալուին՝ Ատրպէյճանի տարածքով Ռուսաստանի կազի դէպի Իրան փոխադրութեան շուրջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025