ՔԻՆԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները հրապարակեցին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի գործող դատավճիռը, որով իրեն հասցէագրուած մեղադրանքը հաստատուեցաւ եւ պիտի շարունակուի իր բանտարկութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը կը մեղադրուի երկրի Քրէական օրէնսգրքի՝ իշխանութիւնը զաւթելու եւ Սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու վերաբերեալ տրամադրութիւններով։ Յունիսի 28-էն ի վեր ան արդէն կալանաւորուած էր եւ դժբախտաբար պիտի շարունակէ մնալ բանտարկուած։ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան վերջին դատական նիստին ժամանակ ալ չընդունեց իրեն դէմ հասցէագրուած մեղադրանքները։
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան բանտարկուած է Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան մթնոլորտին մէջ։ Զինքը ձերբակալելու համար Հայաստանի իրաւապահ մարմինները ներխուժած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որ ահազանգ կը հնչեցնէ նաեւ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեանի եւ ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանի բանտարկութիւններուն դէմ, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի առընթեր։
Երէկուան դատավճռի հրապարակման ալ անմիջապէս արձագանգեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը։
*
Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը ակնյայտ շինծու մեղադրանքներով մեղաւոր ճանչնալու դատարանի այսօրուան վճիռը լրջագոյն հարուած հասցուց Հայաստանէ ներս արդարադատութեան եւ դատական մարմիններու հեղինակութեան։
Երկրէն ներս տեւական սերմանուող ատելութեան եւ բռնաճնշումներու պայմաններուն ներքեւ կայացուած այս ամօթալի դատական որոշումը հերթական անգամ հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դատաիրաւական համակարգը ամբողջութեամբ կախուածութեան մէջ է քաղաքական իշխանութեան կամքէն։
Ցաւալի է արձանագրել, որ հայրենի մեր երկրին մէջ արդարադատութիւնը ընտրովի է եւ կամայական որոշումներով անթաքոյց կը ծառայեցուի քաղաքական քինախնդրութեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստիւ կը դատապարտէ ապօրինի այս գործընթացը եւ օրէնքով սահմանուած բոլոր հնարաւորութիւնները պիտի օգտագործէ հասնելու համար Միքայէլ սրբազանի նկատմամբ արդարութեան վերականգնման։
Կ՚աղօթենք, որ Տէրը զօրացնէ, ամուր ու անկոտրուն պահէ Միքայէլ եւ Բագրատ արքեպիսկոպոսները, ազգային մեծանուն բարերար տիար Սամուէլ Կարապետեանը եւ ազատութենէ ապօրինաբար զրկուած բոլոր անձերը։
«Արդար է Տէրը, արդարութիւն կը սիրէ, անոր երեսը ճշմարտութեան կը նայի» (Սաղմ. 10.8)։