ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՊԱՐՐՈՅԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլին առթիւ։ Նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները՝ Երեւան-Փարիզ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման տեսլականին ու քաղաքական կամքին համահունչ։ Նախարարները շօշափեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի հարթակներու վրայ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Անդրադառնալով տարածաշրջանային հարցերու՝ Միրզոյեան շեշտեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը՝ ի նպաստ իր ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ամրապնդման ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն։
Միւս կողմէ, Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի կողմէ կազմակերպուած՝ Անդրատլանտեան պաշտօնական ընթրիքին, որուն ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։