Կիրակի 26, Հոկտեմբեր 2025
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԵԱՆ ՇԱԲԱԹ
Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը արդէն ընթացքի մէջ է՝ եզակի ծրագրով մը։ «Կերպի ձեւը. երկխօսութիւն արուեստի եւ նորաձեւութեան միջեւ» իւրայատուկ ցուցահանդէսով սկսաւ Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։ Այսպէսով հերթական շաբթըւայ մեկնարկը ազդարարուեցաւ ուրոյն մթնոլորտի մը մէջ։ Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այցելեց «Մերիտիան» կեդրոնը, ուր բացման փուլէն վերջ կ՚ընթանայ Երեւանի Նորաձեւութեան շաբաթը։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025