Կիրակի 26, Հոկտեմբեր 2025
ՊԱՏՈՒՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ
Հայաստանի մշակութային կեանքի վառ ներկայացուցիչներէն երեքը դարձաւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի։ Այս կոչումը անոնց շնորհուեցաւ Երեւանի աւագանիի որոշմամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի պատուոյ քաղաքացի դարձան՝ գրականագէտ, բանասէր փրոֆ. Աւիք Իսահակեան, նկարիչ Տարօն Մուրատեան եւ լրագրող ու մանկավարժ, հասարակական ու մշակութային գործիչ Մարք Գրիգորեան։
Կոչումները մասնաւոր արարողութեամբ շնորհուեցան Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2025