ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները քննարկեցին Մոսկուա-Պաքու օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերը։ Անոնք վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը՝ շարունակելու առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման եւ իրականացնելու համատեղ նախագծեր ուժանիւթի, փոխադրութեան ու լոժիսթիք ոլորտներէ ներս։
Քրեմլինի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Փութին եւ Ալիեւ անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ միջազգային իրավիճակի վերաբերեալ շարք մը խնդիրներու։ Անոնք համաձայն գտնուած են շփումները շարունակելու համար զանազան մակարդակներու վրայ։
Վլատիմիր Փութին եւ Իլհամ Ալիեւ վերջին անգամ ներկայ ամսուայ 9-ին տեսակցած էին Տուշանպէի մէջ, ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Երէկուան զրոյցը հնարաւոր դարձուցած է այդ օրուայ քննարկումներու շարունակութիւնը։
Հայկական լրահոսին մէջ վերջին շրջանին երեւելի դարձած էր, որ Ռուսաստան, Իրան եւ Ատրպէյճան ձեռնարկած են՝ «Հիւսիս-հարաւ» փոխադրամիջանցքի զարգացման ծրագրի մը։ Սա կ՚ենթարդէ փոխադրութեան, ուժանիւթի եւ մաքսային ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացում։ Մինչեւ յաջորդ տարեսկիզբը պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբեր։
«Հիւսիս-հարաւ»ով փոխադրումներու ծաւալը մինչեւ 15 միլիոն թոնի կրնայ հասնիլ եւ անհրաժեշտ է միջոցներու ձեռնարկել՝ բեռնափոխադրումներու շարունակական աճը ապահովելու համար։