ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԻ ՎՐԱՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքէն, Էրտողան եւ Փութին շօշափեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ շօշափուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթով հարցեր։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան երկար ժամանակէ ի վեր սերտ կապի մէջ են միջազգային հրատապ օրակարգի առկայ հարցերուն շուրջ։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ ջանք գործադրել, որպէսզի Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմը վերջ գտնէ արդար ու մշտական խաղաղութեամբ։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը կը ձգտի դիւրացնել հակամարտ կողմերու ուղղակի շփումները։ Թուրքիա ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պատրաստ է իր նպաստը բերելու ամէն տեսակ դիւանագիտական նախաձեռնութեան ու ծրագրի, որոնք կրնան ճանապարհ հարթել տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութեան ուղղութեամբ։

Պեշթեփէի աղբիւրներու վերոյիշեալ հաղորդումներուն առընթեր, Քրեմլինի կողմէ ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ երէկուան հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Էրտողան եւ Փութին շօշափած են ռազմավարական նշանակութեամբ ուժանիւթի ծրագրերը։ Անոնք անդրադարձած են Ուքրայնայէ ներս մշտական խաղաղութեան հաստատման։ Վլատիմիր Փութին անդրադարձած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ պատրաստուած խաղաղութեան ծրագրին, որ կը բաղկանայ քսանութ կէտէ եւ որ ներկայիս կ՚ուսումնասիրուի ռուսական կողմէն։ Ըստ Փութինի, այդ ծրագիրը կը համընկնի աւելի առաջ Ալասքայի մէջ Թրամփի հետ իր հանդիպման ժամանակ առնուած որոշումներուն հետ։ Ռուս ղեկավարը դիտել տուաւ, որ այդ ծրագիրը կրնայ խաղաղութեան բանակցութիւններու համար հիմք ծառայել։ Իր կարգին, Էրտողանն ալ նշած է, որ այս տագնապի կարգաւորման համար Թուրքիա պատրաստակամ է գործընթացին նպաստելու՝ Իսթանպուլի հարթակին միջոցաւ։

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ քննարկումներուն մէջ թէեւ կայ զարգացում, սակայն, լուծումը կը մնայ դժուար։ Միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Եւրոմիութիւնն ալ մշակած է խաղաղութեան ծրագիր մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2025