ԱՆՍԱՍԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մոսկուա-Դամասկոս առանցքի վերջին շրջանի աշխուժութիւնը կը շարունակուի բարձր մակարդակի շփումներով։ Երէկ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանի հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Շէյպանիի պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մուհրաֆ Ապու Քասրան։ Լաւրով եւ Շէյպանի վարեցին բանակցութիւններ՝ մինչ սուրիական պատուիրակութիւնը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ ալ ընդունուեցաւ Քրեմլինի պալատին մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ կողմերը քննարկեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային վերջին զարգացումները։ Անոնք ընդգծեցին Դամասկոս-Մոսկուա քաղաքական եւ դիւանագիտական համակարգման կարեւորութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Փութին ընդգծեց Ռուսաստանի անսասան աջակցութիւնը ի նպաստ Սուրիոյ։ Միեւնոյն ժամանակ ան դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ տարածքներու վրայ շարունակող յարձակումները, որոնք ուղիղ սպառնալիք են՝ տարածաշրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան դէմ։
Լաւրով-Շէյպանի բանակցութիւններէն վերջ ալ յայտարարուեցաւ, որ Ռուսաստան-Սուրիա յարաբերութիւնները կը թեւակոխեն նոր դարաշրջան մը։