Հինգշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2025
ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ան այս առթիւ շնորհաւորեց իր պաշտօնակցին ծննդեան տարեդարձն ու Նոր տարին։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան զարգացումը եւ կը խրախուսէ այս գործընթացը։
Միւս կողմէ, Ալիեւ երէկ յայտնեց, որ եթէ որոշ երկիրներ միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ զէնք չտրամադրէին Հայաստանին, ապա ան շատ աւելի շուտ պիտի դադրեցնէր բռնագրաւումը։
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2025