Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ԴԱՓՆԵԿԻՐ ՎԱՐՊԵՏ ՎԻՊԱԳԻՐԸ…
Յայտնի գրող Ռոպէր Քոփթաշ վերջին օրերուն ստացաւ «Աթիլա Իլհան» գրական մրցանակը։ Իսթանպուլի 42-րդ Գիրքի միջազգային տօնավաճառի շրջանակներէն ներս կազմակերպուեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Ռոպէր Քոփթաշ առաջին վէպի խրախուսման մրցանակին տիրացաւ՝ իր հեղինակած «Unufak»ով։ Ամանորի ընդառաջ ան արդէն մեր համայնքին կը ներկայանայ՝ որպէս դափնեկիր վիպագիր։
Գրական աշխարհէ ներս Քոփթաշի արձանագրած վերելքը ուրախութիւն պատճառած է մեր համայնքին։ Գրասէրները համոզուած են, թէ այս մրցանակը նոր հորիզոններ կը խոստանայ Քոփթաշի գրականութեան համար։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025