Շաբաթ 27, Դեկտեմբեր 2025
ԴՐԱԿԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺԵՐ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա դրական թափ կը տեսնէ Երեւան-Պաքու երկխօսութեան մէջ։ Արդարեւ, Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան շրջանակներէն ներս արձանագրուած դրական տեղաշարժերը կը վկայեն տարածաշրջանէ ներս համագործակցութեան խորացումը։ Ռուս բանբերը այս խորհրդածութիւնները ըրաւ՝ անդրադառնալով իր երկրէն հացահատիկի դէպի Հայաստան Ատրպէյճանի տարածքով շարունակական մատակարարումներուն։
Մարիա Զախարովա համոզուած է, թէ այս բոլորը կու գայ հերթական անգամ ապացուցանել՝ Հարաւային Կավկասի պարագային նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի կարեւորութիւնը։ «Ունինք բազմաթիւ ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ու միշտ կ՚ըլլան քննարկուելիք նիւթեր», ըսաւ ան։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025