ՓԱՇԻՆԵԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնը, թէ 2026 թուականին Թուրքիա խորհրդանշական քայլերու պիտի ձեռնարկէ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, Հայաստանի կառավարութենէն ներս Նիկոլ Փաշինեան յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ Փաշինեան անդրադարձաւ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան եւ ըսաւ.

«Ես կ՚ողջունեմ այդ պատրաստակամութիւնը։ Մեր երկկողմանի երկխօսութեան շրջանակներէն ներս արդէն պահը հասունցած է, որպէսզի խորհրդանշական եւ նոյնիսկ ոչ-խորհրդանշական, աւելի լայն ու յստակ քայլեր առնուին։ Կը յուսամ, թէ զանոնք տեղի կ՚ունենան»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2025