ԲԱՑԱՌԵԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Պաքուի մէջ պահուած հայ գերիներու դէմ հոգեներգործուն արգիլեալ միջոցներ կը ներառէ, որպէսզի անոնցմէ ցուցմունքներ ու խօսոյթներ կորզէ՝ ուղղուած տարածաշրջանէն ներս մագլցում հրահրելու։ Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին մէջ վարչապետը շեշտեց, որ Երեւան հետախուզական տուեալներ ունի այս ուղղութեամբ։
«Ես այնտեղ գտնուող ոեւէ մէկը իմ քաղաքական հակառակորդը չեմ համարեր եւ, ընդհակառակը, աւելին՝ մենք մեզ հաշիւ կու տանք, որ այն ինչ տեղի կ՚ունենայ ո՛չ միայն լրջօրէն մտահոգիչ է, այլեւ օգտագործուած է ու կ՚օգտագործուի տարածաշրջանէն ներս նոր մագլցումներ հրահրելու համար», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան ու վստահեցուց, թէ հնարաւոր բոլոր միջոցները ի գործ կը դրուին այս խնդիրը լուծելու համար։
Հարցազրոյցին մէջ վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստանի ռազմավարութիւնն է պատերազմը բացառել։ «Կը հասկնանք՝ տարածաշրջանին մէջ եւ տարածաշրջանէն դուրս կան ուժեր, որոնք խնդիր դրած են նոր մագլցում ձեւաւորելու, նոր մագլցում յառաջացնելու», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին՝ վարչապետը աւելցուց. «Մեր որեւէ ռազմավարական ենթակառուցուածք սահմանազատման արդիւնքով չի կրնար մնալ ուրիշին»։
Հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանեց նաեւ ներքին քաղաքական օրակարգի նիւթերը։ Իր խօսքով՝ իշխանութեան ծրագիրներուն մէջ գոյութիւն չունի արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելը։
Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Նիկոլ Փաշինեան այս ուրբաթ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը։